
Նոր բառ մը կ՚աւելնայ մեր բառապաշարին վրայ. այգեկութ։ Մեր ոսկեայ լեզուն հարուստ է։ Արդարև, գոհաբանական շաբաթավերջին կազմակերպուած՝ Համազգայինի Անի և Էրեբունի պարախումբերու երկար աշխատանքին հունձքն է։
Համազգայինի Գլաձոր մասնաճիւղի վարչութեան խօսքին մէջ կը կարդանք, «Այգեկութը իր իւրայատուկ տեղը կը գրաւէ մեր նախաձեռնութիւններու շարքին մէջ, քանզի այսօր, հաճոյքը ունինք «Համազգային» թատերասրահէն ներս հիւրընկալելու Համազգայինի «Սանահին» մասնաճիւղի «Անի» պարախումբը, որ հանդէս պիտի գայ առաջին անգամ ըլլալով այս յարկին տակ, Համազգայինի «Էրեբունի» Պարախումբին և Պարարուեստի Ուսումնարանի մեծերու խումբին հետ միատեղ։
Բեմին յարդարանքը երկու Հայկական գորգերու պատկերներն են։ Գաղութի տաղանդաւոր ասմունքող եւ Գլաձոր մասնաճիւղի ատենապետ Թամար Տօնապետեան Գուզուեան կ՚ողջունէ մեզ Պարոյր Սևակի «Բարև» քերթուածով։ Բարևը անցագիր է անկարելին կարելի ընելու։ Արդէն բարևին խորիմաստ պարունակութիւնը մեզ կը յուսադրէ եւ բարձր տրամադրութեան կ՚առաջնորդէ։
Յայտագրին առաջին մասը Էրեբունի պարախումբի պարերով կը սկսի։ Պարուսոյց Լոռի Նաճարեանի բեմադրութեամբ են Ազգագրական, Վաղարշապատ, Եարխուշտա, Քալինքա, Սիրթաքի, Բալենի և Արտաշատ պարերը։ Համազգայինի Գլաձոր մասնաճիւղը երախտապարտ է, որ Լոռիի բացակայութեան Յովհաննէս Յարութիւնեանը և Դաւիթ Մանուկեանը ստանձնած են Էրեբունիի եւ Պարարուեստի Ուսումնարանի մեծերու խումբին փորձավարութիւնը, զոր ամենայն բծախնդրութեամբ կատարած են։
Հայկական տարազներու ճոխ գոյները, պարողներու խանդավառութիւնը, համաչափ քայլերը, ձեռքերուն նազանքով շարժումները, խրոխտ ոստումները, անվախ թռիչքները կը հմայեն 350 ներկաները։ Գոհաբանական շաբաթավերջի Կիրակի Հոկտեմբեր 9-ն է։
Յայտագրին մէջ նաև կան Ազատ Ղարիպեանի Իլիկները, Յուշերը և Քոչարին, որոնք կը հրամցուին հարազատօրէն։ Նաև կայ Վանուշ Խանամիրեանի Էնզէլին։ Լոռին և Համազգայինը միշտ ուշադիր են յիշելու պարերու բեմադրիչներու անունները։ Ղարիպեան և Խանամիրեան ազգային պարերու առաջնորդներէն են։
«Յուշեր» պարի կատարումէն ետք, Թամար Տօնապետեան Գուզուեանն է բեմի վրայ Գէորգ Էմինի «Սասունցիների Պարը» երկարաշունչ քերթուածով։ Երբ կը հասնի կարգը «Հալալ է քեզ Սասուն պարի՜, պարի՜
Դու դեռ երազ ունես կատարելու
Վրէժ ունես պատմութիւնից դեռ հանելու» տողերուն,
ահա երաժշտութիւնը կը հնչէ ու Եարխուշտայի պարի տղաքը ներս կը մտնեն ինքնավստահ թափերով և կշիռքով. սրտառուչ խօսքն ու պարը միախառն՝ մեծապէս կ'ոգեւորեն մեզ ու կը փոխադրեն Սասուն։
Ծրագրին երկրորդ մասին մէջ կը գործադրուի Համազգայինի Սանահին մասնաճիւղի Անի պարախումբի ծրագիրը։ Թռչող Վիշտը, Կարճ Քոչարին, Լեռնցիները, Քամանչան, Փոփուրին, Նոր Քոչարին, Հոյ Նարէ Նարէն, Սարդարապատը և Արտաշատը՝ Պարուսոյց Եւա Հայրապետեանի բեմադրութեամբ են։ Ան քսան տարիներէ ի վեր կը ղեկավարէ Անի պարախումբը։ Արդիական ոճով, պալէի և հայկական աւանդական պարաձևերու այս բաղադրութիւնը հետաքրքրական, գրաւիչ և հաճելի է։ Հեզասահ բաժանումները և խմբաւորումները, անակնկալները և գոյները կը հրապուրեն և կը դիւթեն մեզ։
Վայելքէն գինովցած հանդիսատեսներուն ծափահարութիւններու ուժգնութիւնէն յայտնի է խանդավառութիւնը։ Փակման խօսքին մէջ, Թամար Տօնապետեան վարչութեան կողմէ շնորհակալութեան խօսք կ՚ուղղէ բոլոր անոնց, որոնք սատարեցին այս ելոյթը երազէն իրականութիւն դարձնելու աշխատանքին մէջ։ Ծաղկեփունջեր կը յանձնուին Եւա Հայրապետեանի, Յովհաննէս Յարութիւնեանի եւԴաւիթ Մանուկեանի։ Գերապատիւ Հայր Եղիա Ծայրագոյն Վարդապետ Գիրէջեանի քաջալերական սրտի խօսքով եւ Պահպանիչով վերջ կը գտնէ այս բարձրորակ ու եզակի երեկոն։
Արշօ Զաքարեան
Հոկտեմբեր 28, 2016
Թորոնթօ