
Չորեքշաբթի 29 Մարտ 2017-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Պոլսահայ Միութեան «Դանիէլ Վարուժան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ասմունքի Երեկոյ մը, կազմակերպութեամբ սոյն միութեան ՄԷԿ Մշակութային յանձնախումբին եւ մասնակցութեամբ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային միութեան «Սանահին» մասնաճիւղէն երեք համազգայնականներու՝ Անահիտ Պալեանի, Վարդգէս Քիւփէլեանի եւ Գարեգին Կիւրիւնլեանի:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՄԷԿ մշակութային յանձնախումբի ատենապետուհի Իրմա Մերաքեան: Ան նշեց թէ սոյն ձեռնարկը կ'իյնայ Պոլսահայ միութեան հիմնադրութեան 50-ամեակի ոգեկոչման ծիրէն ներս եւ երախտագիտական մեծ զգացումներով արտայայտուեցաւ, յիշելով թէ երեք ասմունքողներն ալ սիրայօժար ընդառաջած էին հրաւէրին:
Իւրաքանչիւր մենակատարի հանդէս գալէ առաջ, ՄԷԿ մշակութային յանձնախումբի աշխոյժ անդամներէն՝ Զարուհի Էլակէօզ ներկայացուց իւրաքանչիւրին ամփոփ կեսագրականը:
Գաղութիս ծանօթ ասմունքողները իրենց յաջող կատարումներով հմայեցին ներկաները մերթ յուզելով զանոնք, մերթ ոգեւորելով, երբ իրենց ասմունքներով անդրադարձան հայ ժողովուրդի կեանքի տխուր էջերէն մինչեւ այդ դէպքերուն ընդմէջէն պահանջատէր ու վրէժխնդիր հայու ոգիին: Նշենք նաեւ թէ երեք մենակատարներն ալ նախքան իրենց ասմունքը հանդիսատեսներուն ներկայացուցին իւրաքանչիւր բանաստեղծի կենսագրական գիծերը եւ նիւթին առնչուող հետաքրքրական դրուագներ:
Յայտագիրը ընթացաւ հետեւեալ շարքով. Վարդգէս Քիւփէլեան ասմունքեց Սողոմոն Տարօնցիի «Մայրենի Լեզուն», որմէ ետք Անահիտ Պալեան ներկայացուց Պարոյր Սեւակի «Անլռելի Զանգակատուն»էն հատուածներ, «Անորոշութիւն» եւ «Սխալ Խօսք Սխալի Մասին» ստեղծագործութիւնները: Ապա բեմ բարձրացաւ Գարեգին Կիւրիւնլեան ու ասմունքեց Սիամանթոյի «Դարերու Վրէժը», իսկ անոր յաջորդեց նոյն բանաստեղծի «Պարը» Ա. Պալեանի կատարողութեամբ: Վերջապէս, Վ. Քիւփէլեան ասմունքեց Յ. Շիրազի «Ամենայն Սրտով» բանաստեղծութիւնը, որմէ ետք Գ. Կիւրիւնլեան ասմունքեց Հայր Վահան Յովհաննէսեանի «Բերէ՛ք ինձ զայն» բանաստեղծութիւնը:
Աւարտին, հանդէս եկաւ Ա. Պալեան ու Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային միութեան անունով շնորհաւորեց Պոլսահայ միութեան հիմնադրութեան 50-ամեակը եւ սոյն միութեան ՄԷԿ մշակութային յանձնախումբի անխոնջ աշխատանքը, գլխաւորութեամբ իր ժրաջան ատենապետուհի Իրմա Մերաքեանին: Ան բարձր գնահատեց մոնթրէալահայ գաղութէն ներս Պոլսահայ Մշակութային յանձնախումբի կատարած օգտաշատ եւ արդիւնաւէտ գործունէութիւնը, շեշտելով թէ մշակութային միութիւնները գաղութի մը ամրութեան ու կենսունակութեան հիմքը կը հանդիսանան եւ անհրաժեշտութիւն է շարունակել այս բարի համագործակցութիւնը մշակութային միութիւններուն միջեւ եւ բոլոր աշխատանքներուն մէջ գերադասել միասնական ոգին:
Հանդիսութեան աւարտին յաջորդաբար բեմ բարձրացան Զ. Էլակէօզ եւ Ի. Մէրաքեան փոխանցելու իրենց շնորհակալական խօսքերը ու ծափողջոյններով բեմ հրաւիրելու ասմունքողները, որպէսզի ստանան Թէոդիկի «Յուշարձան Ապրիլ 11-ի» եռալեզու գիրքէն օրինակներ: