
Վեց ամիս անցած է, բայց ոչ ոք կը հաւատայ, որ ընկեր Յովսէփ Պարազեան մեզի հետ չէ ֆիզիքապէս։ Սակայն, ան մեզի հետ է սիրտով եւ հոգեպէս՝ ազգային եւ ժողովական կեանքէն ներս ներկայ, մեր կողքին։
Ահա, այսպիսի տրամադրութեամբ եւ յիշատակներով, Կիրակի՝ 8 Դեկտեմբերի 2019-ին, Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» ակումբէն ներս տեղի ունեցաւ գրական երեկոյ՝ նուիրուած ընկեր Պարազեանի գիրքերու ներկայացման։ Համազգայինի Շրջանային վարչութեան կազմակերպած յուշ-երեկոն ձօնուած էր սիրուած, յարգուած հանգուցեալ ատենապետի յիշատակին։ Ներկայ էր անոր յարգարժան ընտանիքը՝ Մայտա Պարազեան եւ զաւակները՝ Արմիկ ու Լոռի Պարազեանները։ Ընկեր Յովսէփի յիշատակը յարգելու համար եկած էին հարազատներ, ընկերներ, գործակիցներ, բարեկամներ։ Ներկայ էին Ազգային վարչութեան անդամներ, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը եւ անդամներ, հոգեւոր հովիւներ, միութիւններու ներկայացուցիչներ։
Երեկոյի բացումը կատարեց Համազգայինի Շրջանային վարչութեան անդամ ընկ. Վերժին Կարապետեան, ապա հրաւիրեց Միհրան Քիւրտօղլեանը ներկայացնելու համար Յովսէփ Պարազեանի հեղինակած երկու գիրքերը։