
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին, Հինգշաբթի, 1 Դեկտեմբեր 2016-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին տեղի ունեցաւ Միսաք Թերզեանի գեղանկարներու «Լռութեան ձայնը» խորագրեալ ցուցահանդէսի բացումը:
Ցուցասրահին անունով բացման խօսքը արտասանեց Սիւզի Տէրտէրեան, որ յայտնեց, թէ Թերզեանի 127-րդը եղող այս ցուցահանդէսին ընթացքին ցուցադրուած գեղանկարներուն մէջ յստակօրէն կը տեսնենք գոյատեւելու, վերապրելու եւ վերարտադրելու ոգին: «Իր գոյներուն մէջ կայ ուժականութիւն, շարժումներուն մէջ` բարձրաթռիչ սլացքներ, եւ վերջապէս` իր գործերը ապագայի յոյս եւ ուրախութիւն կը ներշնչեն»,- ըսաւ ան:
Ապա խօսք առաւ արուեստագէտ Միսաք Թերզեան, որ անգլերէնով արտասանած իր խօսքին մէջ ներկայացուց իր գեղանկարներուն նիւթը եղող լուռ ձայները, որոնք ծնունդ կ’առնեն մարդ արարածի անփոյթ ու վայրագ արարքներուն հետեւանքով: Ան իբրեւ օրինակ նշեց որսորդներու կողմէ սպաննուած թռչունները, որոնց ձայները լռեցուած են հիմա: Լուռ ձայնը անոր համար կը ներկայացնէ նաեւ վերջերս մահացած իր գեղանկարչութեան ուսուցիչը` Կիւվտէրը, որ իրեն սորվեցուցած է ո՛չ միայն գոյներու գաղտնիքները, այլ իրեն տուած քաջութիւն ու արուեստի նկատմամբ գնահատանք: