
Երկուշաբթի, 5 Մայիս 2014-ին, Փարիզի Հայ Մշակոյթի Տան մէջ, Համազգայինի եւ Փարիզի Նոր Սերունդի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ դասախօսական երեկոյ մը:
Գերմանահայ պատմաբան՝ Էլք Հարդման, ներկայացուց «Ռուբէն Տէր Մինասեանի Հայկական Յեղափոխութիւնները» նիւթը եւ Ռուբէնի յուշերու ընթերցումը ազգագրական եւ պատմական դիտակով:
Դասախօսը վերլուծեց այս հսկայական գործի պատմական, արխիւային եւ ազգային արժէքը. պատմական դէպքերու եւ կորսուած աշխարհի մը վաւերագրութենէն անդին, Ռուբէնի նպատակը, օրինակելի տիպարներու ընդմէջէն, քաղաքական գիտակցութեան ժառանգ մը ձգել էր յաջորդ սերունդներուն, միշտ վառ պահելով վերապրելու պայքարը։ Յուշերու նպատակն էր նաեւ համախմբել հայութեան բոլոր հատուածները, իրենց տարբեր բարքերով, սովորութիւններով ու բարբառներով, կերտելու համար մէկ ազգի պատկանելիութեան գիտակցութիւնը:
էլք Հարդման նշեց Ռուբէնի գրականութեան ուժը, յեղափոխութիւներ
պատրաստելու քաղաքական գետնի վրայ եւ նաև հայկական աւանդական ընկերային կեանքի բարքերու մէջ, ուր ան կ՛ընդգծէր յեղաշրջումի անհրաժեշտութիւնը:
Դասախօսը իր յստակ վերլուծումներով մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեց ներկաներուն մօտ։ Ան կապը հաստատեց Ռուբէնի Յեղափոխութիւններու նիւթին եւ հայութեան ներկայի ամէնօրեայ մարտահրաւէրներուն, ինչպէս՝ հայապահպանում կամ հայ դատի ճանաչում:
Ձեռնարկի ընթացքին ընթերցուեցան Ռուբէնի յուշերէն երկու հատուած՝ «Գէորգ Չաւուշի ամուսնութիւնը» կարդաց Դատ Տէմիր ֆրանսերէնով եւ «Տատրագոմի Հարսը» կարդաց Արէն Քէշիշեան հայերէնով :