
Համագործակցութեամբ Զաւարեան ուսանողական միութեան Zomtalks-ի եւ Համազգայինի «Գ. Իփէկեան» թատերախումբին Երկուշաբթի, 19 Մարտ 2018-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Համազգայինի «Սիմոն Վրացեան» ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսական ձեռնարկ մը, որուն նիւթն էր «Արդիականութիւն, քաղաքականութիւն եւ արուեստ»: Օրուան դասախօսն էր Խաչիկ Տէր Ղուկասեան:
Բացման խօսքը կատարեց Zomtalks-ի անդամներէն Նայիրա Պաղտասարեան: Ան նկատեց, որ այսպիսի հանդիպումները լաւագոյն առիթներ են քննական միտք զարգացնելու իմաստով: Համազգայինի «Գ. Իփէկեան» թատերախումբին անունով բարի գալուստի խօսք արտասանեց Սէրուժ Յովսէփեան: Ան ամփոփ գիծերու մէջ ծանօթացուց օրուան դասախօսը` Խաչիկ Տէր Ղուկասեանը եւ հրաւիրեց զինք ներկայացնելու օրուան նիւթը:
Խաչիկ Տէր Ղուկասեան մասնագիտացած ըլլալով միջազգային յարաբերութիւններու մէջ իր նիւթը սկսաւ հպանցիկ ակնարկ մը նետելով յետարդիական տեսութեան վրայ: Խօսելով արդիականութիւն եզրին մասին` ան անդրադարձաւ 2016-ին տեղի ունեցած երկու իրադարձութիւններու: Առաջինը 23 Յունիսին Մեծն Բրիտանիոյ մէջ հանրաքուէն էր, որ ծանօթ է «Պրեքզիթ» անունով: Բրիտանացի քաղաքացիներ քիչ համեմատութեամբ քուէարկեցին, որ Մեծն Բրիտանիան Եւրոպական Միութենէն դուրս գալու գործընթացը սկսի: Երկրորդը` հոկտեմբեր ամսուն Միացեալ Նահանգներու մէջ Տոնալտ Թրամփի նախագահ ընտրութիւնն էր: Այս երկու իրադարձութիւններուն լոյսին տակ ընթացիկ օրաթերթերը ազատական համաշխարհային կարգի տագնապի ահազանգը հնչեցուցին: Ապա ան հարցադրում մը կատարեց, որ արդեօք այսօր աւարտա՞ծ է այս տագնապը: Արդիականութեան յառաջացուցած տագնապներէն մէկն է դրամատիրութիւնը: Ան նշեց, որ եթէ Մեծն Բրիտանիան դուրս գայ Եւրոպական Միութենէն, անիկա կը սկսի մասնատուիլ եւ կը քայքայուի: