
Կիրակի 7 հոկտեմբեր 2018-ին, Փարիզի 9-րդ թաղամասի «Ռօսինի» սրահին մէջ, Համազգային Փարիզ շքեղ համերգով մը տօնեց միութեանս 90-րդ ամեակը :
Հայերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով ցերեկոյթին բացումը կատարեց Հուրիկ Պաղտասարեան, որ հակիրճ ակնարկով մը անդրադարձաւ միութեան կերտած պատմական ուղիին եւ դրուատեց հիմնադիրներու հայանպաստ առաքելական գործունէութիւնը: Թուեց Համազգայինի չորս վարժարանները՝ Պէյրութ, Սիտնի, Մարսիլիա եւ Իսէ – Լէ – Մուլինօ, ուր հայեցի կրթութեամբ եւ դաստիարակութեամբբ սերունդներ կը պատրաստուին: Հ. Պաղտասարեան Համազգայինի անունով ոգեկոչեց քանի մը օր առաջ կեանքէն հեռացած աշխարհահռչակ արուեստագէտ, երգիչ Շառլ Ազնաւուրի յիշատակը եւ յիշեց անոր նուիրուած մեծարանքի արարողութեան ընթացքին Ֆրանսայի նախագահին բառերը. «... Այլեւս Ազնաւուր բնա՛ւ պիտի չլքէ մեզ, որովհետեւ բանաստեղծները երբեք չեն մեռնիր»: Իր խօսքի աւարտին բանախօսը մեծարեց նաեւ օփերայի նշանաւոր երգչուհի Մոնսերանթ Քապալիէի յիշատակը: Այնուհետեւ ծայր առաւ համերգը:
Ռոզին Թաշճեան (սոփրանօ) Կարինէ Պետրոսեանի (դաշնակ) ընկերակցութեամբ կատարեց Բ. Կանաչեանի «Օրօր»ը եւ Ա. Տիգրանեանի «Անուշ» օփերայէն Անուշի արիան: Մկրտիչ Մկրտիչեան (պարիթոն), Իվոն Պոնիֆաս (պաս), Ժերոմ Վերեքքիա, ընկերակցութեամբ Տոմինիք Սըվէի(դաշնակ) մեկնաբանեցին դասական երաժշտութեան յօրինողներուն ստեղծագործութիւններէն: Ներկայացուեցան Տիգրան Չուխաճեանի, Սայաթ Նովայի, Ռոմանոս Մելիքեանի, Աշոտ Սաթեանի, Արամ Սաթունցի, Առնօ Բաբաջանեանի, Վաղարշակ Կոտոյեանի, Ստեփան Ջրբաշեանի, Կոմիտասի, Անտոն Մայիլեանի, Ալեքսանդր Դուլուխանեանի ստեղծագործութիւնները եւ պաստառի վրայ ցուցադրուեցան անոնց նկարները:
Մօտ երկու ժամ տեւող այս հարուստ յայտագիրը փակուեցաւ Շառլ Ազնաւուրի երկու երգերով եւ կատարողները արժանացան ներկաներուն բուռն ծափահարութիւններուն: