
Համազգայինի 80-ամեակի նախաձեռնութիւններուն ծիրին մէջ, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան «Քնար» պարախումբը, նախագահութեամբ տէր եւ տիկին Հրայր Սարգիսեանի, երեք օրերու ընթացքին, «Քազինօ Տիւ Լիպան»ի սրահին մէջ ներկայացուց «Քեզի համար Ազնաւուր»՝ Շարլ Ազնաւուրի նուիրուած պարային ելոյթը՝ ներկայութեամբ հայ յարանուանութիւններու ներկայացուցիչներուն, Զուիցերիոյ դեսպան Ֆրանսուա Պարրասի, Ֆրանսայի եւ Քուպայի դեսպանատուներու պատուիրակութիւններուն, Պիպլոսի փառատօնի նախագահ Լաթիֆէ Լաքքիսի, խմբագիրներու սենտիքայի նախագահ Մըլհեմ Քարամի ներկայացուցիչ Պարոյր Աղպաշեանի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեանի, քաղաքական գործիչներու, Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր տնօրէն դոկտ. Մարալ Թիւթելեան-Կիտանեանի, քաղաքական կուսակցութիւններու, լիբանանեան լրատուամիջոցներու եւ հայկական միութիւններու ու մարմիններու ներկայացուցիչներու, արուեստագէտներու, համազգայնականներու եւ ժողովրդային հոծ բազմութեան:
Այս առիթով հանրածանօթ ու վաստակաշատ ֆրանսահայ արուեստա•էտ Շարլ Ազնաւուր Համազգայինի մեծ ընտանիքին ուղղած էր ուղերձ մը, որուն մէջ ան իր շնորհակալական խօսքը կը փոխանցէր միութեան տարած աշխատանքին համար: Նշեալ նամակին ընթերցումէն ետք սկսաւ «Քեզի համար Ազնաւուր» պարային ելոյթը:
Ներկայացման ընթացքին պարերու միջեւ Սարգիս Տէր Խաչատուրեան ֆրանսերէն ու հայերէն ընթերցումներով անդրադարձաւ Ազնաւուրի կեանքի բոլոր հանգրուաններուն: Ան սկսաւ արուեստագէտի ծնունդէն մինչեւ Ֆրանսա գաղթը, համբաւը, հայութեան բերած իր նպաստն ու մարդասիրական գործունէութիւնը:
Տէր Խաչատուրեան ըսաւ, թէ հայուն մօտ ապրելու տենչը պատճառ դարձած է, որ հայութիւնը կարենայ գոյատեւել՝ հակառակ բազմատեսակ դժուարութիւններուն:
«Քնար» պարախումբը պարային մեկնաբանութիւնը կատարելով արուեստագէտին իւրաքանչիւր երգին, գեղեցիկ ու համաչափ պարերով յառաջացուց արուեստի բարձրորակ մթնոլորտ, ուր հայկականին կողքին կը կատարուէին տարբեր ազգութիւններու պատկանող պարարուեստի ներկայացումներ, որոնք ելոյթին տուին գունաւորում ու այլազանութիւն: Այստեղ հարկ է նշել, որ նշեալ ու նախորդ ելոյթներուն իւրայատկութիւնը այն էր, որ Համազգայինը իր շուրջ կրցած էր համախմբել աննախադէպ թիւով լիբանանցիներ, որոնք մեծապէս հմայուած կը հետեւէին պարերուն:
Նշենք, որ շարք մը պարերու կողքին նաեւ տեսաերիզի ցուցադրութեամբ հանդիսատեսին կը փոխանցուէին տարբեր պատկերներ, որոնք կապ ունէին թէ° երգին, թէ° երգիչին եւ թէ° միջավայրին հետ: Հայոց ցեղասպանութիւնը, Ֆրանսայի մէջ արուեստագէտին գործունէութիւնը, Լիբանանը, Հայաստանի 1988-ի երկրաշարժն ու այլ դէպքեր հերթաբար ցուցադրուեցան, որպէսզի կարելի ըլլայ նաեւ ժապաւէններու ընդմէջէն յառաջացնել շօշափելի հաղորդակցութիւն:
Համազգայինի «Քնար» պարախումբի գեղարուեստական պատասխանատուն ու պարուսոյցն է Ֆելիքս Յարութիւնեան, որ իրողապէս կրցած էր բեմականացնել Շարլ Ազնաւուրի տիպարն ու անոր ընդմէջէն արուեստի ճամբով ներկաներուն փոխանցել հայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններն ու պատմութիւնը:
Ազնաւուրի «Իլ Սոն Թոմպէ»ն, «Փուր Թուա Արմենի»ն, «Աւէ Մարիա»ն ու Ազնաւուրի ընտրանի երգերէն իւրաքանչիւրը ելոյթի ընթացքին պատմութիւն էր, դէպք էր ու կամ ալ Ազնաւուրի կեանքէն յատկանշական դրուագ մը կը ներկայացնէր:
Մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուց կօշիկներու պարը, որ Ազնաւուրի տնտեսական վիճակներուն արտացոլումն էր:
Պարային ելոյթի աւարտին «Քնար» պարախումբի անդամները «Քեզի համար Ազնաւուր» կատարումով ՄԵԾ ՀԱՅՈՒՆ արժանաւորապէս փոխանցեցին իրենց երախտագիտութիւնը:
Համազգայինի 80-ամեակի ծիրին մէջ Ազնաւուրի ներդրումը գնահատող այս ելոյթը իրողապէս միութեան յառաջիկայ երթին տուաւ նոր հորիզոններ, որոնք կու գան հաստատելու, թէ կարելի է արուեստի ճամբով նաեւ ծանօթացնել ժողովուրդի մը պատմութիւնն ու դատը:
Յիշեցնենք, որ իրերայաջորդ երեք ելոյթներու մեծ ընդունելութեան իբրեւ արդիւնք (աւելի քան 3000 հանդիսատես), Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան «Քնար» պարախումբի «Քեզի համար Ազնաւուր» պարային ներկայացումը պիտի ունենայ յաւելեալ ելոյթ մը, որ տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, 28 յունիսին, միեւնոյն սրահին մէջ: