Եւրոպա
Շրջանային Վարչութիւններ

Երկար ժամանակ կազմալոյծ վիճակի շրջան մը ապրելէ ետք, Նոյեմբեր 2014ի 19րդ Ներկայացուցչական Ժողովէն ընտրուած Համազգայինի նորընտիր Շրջանային Վարչութեան ճիգերով վերակազմուեցաւ ու վերակազմակերպուեցաւ Ատիկէի՝ անցեալի «Յովհաննէս Շիրազ» - «Գէորգ Կառվարենց» մասնաճիւղը:
Իսկապէս խանդավառ ու ընկերական մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած հաւաքոյթ-ժողով-ընտրութեան մասնակցեցան քառասուն երկսեռ համազգայնականներ, ջախջախիչ մեծամասնութեամբ երիտասարդներ, որոնք մշակութային մեր միութեան շուրջ համախմբուելով վճռած են քաղաքակրթութեան ու արուեստի բովով ծառայել յունահայ գաղութին եւ ընդհանրապէս մշակոյթի ճամբով հայ ժողովուրդին, ի տես մանաւանդ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեայ տարելիցի վճռական տարեթիւի լոյսին տակ: