
10-13 Յունիս 2019-ին, Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը հիւրախաղերով ներկայացաւ հայաստանեան հանդիսատեսին` ամերիկացի թատերագիր Նիլ Սայմընի «Տը կուտ տաքթըր» կատակերգութեամբ, Յակոբ Տէր Ղուկասեանի բեմադրութեամբ:
«Տը կուտ տաքթըր»-ը ներկայացուեցաւ Գիւմրիի (Վ. Աճեմեանի անուան պետական տրամաթիքական թատրոն), Վանաձորի (Յովհ. Աբելեանի անուան պետական դրամատիկական թատրոն) եւ Երեւանի մէջ (Սօս Սարգսեանի անուան Համազգային պետական թատրոն):
Այս առիթով հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը շատ կարեւոր կը նկատէ հայաստանեան թատերախումբերու հետ համագործակցութիւնը` վստահ ըլլալով, որ այսօրինակ կապերու ձեւաւորումը աշխուժութիւն կը մտցնէ եւ նորանոր նախաձեռնութիւններու հիմք կը հանդիսանայ Հայաստանի եւ սփիւռքի թատերախումբերու միջեւ:
Այս գործակցութեան նպատակն է, առիթ տալ հայաստանեան խումբերու սփիւռքի մէջ իրենց տաղանդը բացայայտելու. հարկ է, որ սփիւռքի գաղութները հայրենի թատերական խումբերուն համար թատերական շուկայ ստեղծեն, որպէսզի անոնց թէ՛ տնտեսական, թէ՛ մշակութային հնարաւորութիւնները զարգանան:
Բնական է, որ այս փոխադարձ գործակցութեամբ լիբանանահայ թատրոնը եւ հանդիսատեսը հարստանան որակաւոր ու այլ ճաշակի թատրոններ դիտելով եւ իրենց թատերական հանդիսատեսի մակարդակը բարձրացնելով: Այս երեւոյթը կը նպաստէ նաեւ հայրենի եւ լիբանանահայ դերասաններու բարեկամական կապերու ստեղծման: