
Շաբաթ, 7 նոյեմբեր 2009-ին առաւօտեան ժամը 4:00-ին ելոյթ ունենալու համար Լիբանանէն Կիպրոս մեկնեցան Համազգայինի «Կարկաչ» մանկապատանեկան եւ «Այգ» երիտասարդական երգչախումբերը, ինչպէս նաեւ՝ հայկական ժողովրդական գործիքներու նուագախումբը: 99 անդամներէ բաղկացած պատուիրակութեան կþընկերակցէր երգչախումբերու խմբավար Զաքար Քէշիշեան եւ նուագակցող Կամիլա Քէշիշեան, ինչպէս նաեւ՝ վարչական պատասխանատուներ:
Լառնաքայի մէջ շրջապտոյտ մը ունենալէ ետք, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Կիպրոսի «Օշական» մասնաճիւղին, հովանաւորութեամբ Լառնաքայի քաղաքապետ Անտրէաս Մոյսէոսի, նախագահութեամբ հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանի, երեկոյեան ժամը 7:30-ին Լառնաքայի քաղաքապետական թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Կարկաչ» եւ «Այգ» երգչախումբերուն ելոյթը:
Հանդիսութեան բացման խօսքը յունարէնով արտասանեց Էֆի Մահտեսեան, որ նշեց, թէ ելոյթը շատ կարեւոր եւ իւրայատուկ նախաձեռնութիւն մըն է, իսկ «Կարկաչ»ն ու «Այգ»ը սփիւռքի մէջ հիմնական երգչախումբերէն են: Մահտեսեան յոյս յայտնեց, որ կարկաչականները կը շարունակեն կարկաչել՝ պահպանելու համար մշակութային ժառանգութիւնը:
Ապա խօսք առաւ Համազգայինի Կիպրոսի «Օշական» մասնաճիւղի ատենապետ Ատուր Գարակիւլեան, որ շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք Լառնաքայի քաղաքապետութեան ու քաղաքապետին՝ նշեց, թէ նախաձեռնութիւնը յաջողած է հաւաքական ճիգերով: Ան ըսաւ, թէ այս նախաձեռնութիւնը սկիզբը պէտք է հանդիսանայ՝ որոնելու համար լիբանանահայութեան եւ կիպրահայութեան միջեւ փոխադարձ գործակցութեան աշխատանքներ ու միջոցառումներ:
Յայտագիրին առաջին բաժինով ելոյթ ունեցաւ «Կարկաչ» պատանեկան երգչախումբը, որ ներկայացուց 11 երգեր, որոնցմէ կարելի է նշել՝ «Երկիր իմ, Հայաստան», «Հայի աչքեր», «Կոմիտասեան խճանկար», «Խոզուկին գանգատը» եւ այլ ստեղծագործութիւններ: Բ. մասով «Այգ» երիտասարդական երգչախումբը երգեց յեղափոխական երգաշարը, ինչպէս նաեւ վեց այլ երգեր՝ «Սրտիկ մալուլ մի մնայ», «Երգիր ինձ համար», «Եաման եար» եւ այլն: Նշենք, որ յեղափոխական երգաշարէն ետք, «Այգ»ին միացաւ հայկական ժողովրդական գործիքներու նուագախումբը, որուն մաս կը կազմեն Կամիլա Քէշիշեան (դաշնակ), Զաքար Քէշիշեան (շուի), Յակոբ Գելուկեան (տուտուկ), Մարիա Պարտիզպանեան (քանոն), Րաֆֆի Շաննագեան (թառ), Սեպուհ Այնթապլեան (ձեռնադաշնակ) եւ Արթիւր Քէշիշեան (տհոլ):
Հանդիսութեան վերջին երգը՝ «Կենաց երգ»ը միասնաբար երգեցին երկու երգչախումբերն ու նուագախումբը: Այս առիթով խմբավար Զաքար Քէշիշեան յիշատակի նուէրներ յանձնեց Համազգայինի Կիպրոսի «Օշական» մասնաճիւղին:
Ելոյթին յաջորդող օրը պատուիրակութիւնը մեկնեցաւ Այա Նափա, ուր այցելեց զբօսաշրջային վայրեր: Յատկանշական էին եկեղեցիներուն մէջ անդամներուն կողմէ շարականներու երգեցողութիւնն ու նուագակցութիւնը: Կիրակի գիշեր անդամները վերադարձան Լիբանան: