
Ուրբաթ, 13 Ապրիլ 2012-ին, կ.ե. ժամը 18:15-ին, Շարժայի «Բիէր Քէօսէեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Մուշեղ Իշխան» Մեկուսի մասնաճիւղի տարեկան ընդհանուր ժողովը՝ ներկայութեամբ 24 անդամներու եւ մասնակցութեամբ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Կարօ Պայթարեանի:
Տեղի ունեցաւ նոր վարչութեան ընտրութիւն: Նորընտիր վարչութիւնը կը բաղկանայ հետեւեալ անդամներէն.
Սեդա Մանկասարեան-Պալիօզեան՝ ատենապետ
Լիզա Գարաճեան՝ ատենադպիր
Րաֆֆի Պալտըմեան՝ հաշուապահ
Վարդան Պաղտուտ՝ գանձապահ
Ալեք Պադուք՝ խորհրդական
Արմինէ Աւետիսեան՝ խորհրդական
Արին Պզտիկեան՝ խորհրդական
Յաջողութիւն կը մաղթենք նորընտիր վարչութեան։