
Հայաստանի անկախութեան վերականգնման 20-ամեակի նախաձեռնութիւններուն շրջագիծին մէջ, հովանաւորութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի, Շաբաթ, 3 Սեպտեմբեր 2011-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայրենի տաղանդաւոր գեղանկարիչ Աննա Շահնազարեանի իւղաներկի գեղանկարներու ցուցահանդէսին բացումը:
Այս առիթով խօսք առաւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարանի եւ հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան, որ նշեց, թէ Համազգայինը հիմնուած է Նիկոլ Աղբալեանի, Լեւոն Շանթի եւ Համօ Օհանջանեանի ճիգերով, որոնք վճռորոշ դեր ունեցած են Հայաստանի առաջին հանրապետութեան կերտման աշխատանքին մէջ: Ան աւելցուց, որ այսօր այդ հիմնադիրներուն ջանքերով ստեղծուած միութիւնը, Հայաստանի անկախութեան վերականգնման առիթով, կը շարունակէ իր ուղին` միշտ զօրավիգ կանգնելով Հայաստանի պետականութեան պահպանման:
Հաւաթեան շեշտեց, որ այս ցուցահանդէսը Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններուն մէջ կարեւոր արժէք ունի, որ կը նպաստէ երկկողմանի յարաբերութիւններուն զարգացման: Յակոբ Հաւաթեան շնորհակալութիւն յայտնեց սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանին, որ ստանձնած էր այս ձեռնարկին հովանաւորութիւնը:
Իր կարգին, նախարար Հրանուշ Յակոբեան խօսք առնելով յայտնեց, որ Հայաստանի արուեստը պէտք է ներկայացուի սփիւռքի մէջ եւ փոխադարձաբար սփիւռքինը` Հայաստանի մէջ, որպէսզի կարելի ըլլայ արուեստագէտներուն միջեւ ստեղծել կապ եւ գործակցութիւն: Ան նշեց, որ այս շրջագիծին մէջ արդէն երեք համահայկական ցուցահանդէսներ իրականացած են` յոյս յայտնելով, որ այս նախաձեռնութիւնները հետագային կը բազմապատկուին:
Օրուան վերջին խօսքը արտասանեց գեղանկարիչ Աննա Շահնազարեան, որ նշեց, թէ իր գեղանկարները կը ներկայացնեն իր հոգեկան աշխարհը: Շահնազարեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին այս ցուցահանդէսին յաջողութեան:
Ցուցահանդէսին ներկայացուած են Շահնազարեանի 28 գեղանկարները, որոնց մէջ ակներեւ է գոյներու եւ երանգներու ներկայութիւնը: Գեղանկարիչին իւրաքանչիւր ստեղծագործութիւնը ունի իր իւրայատկութիւններն ու նիւթը, որ արտայայտութիւնն է անոր ներաշխարհին ու ապրումներուն: Գեղանկարները ունին յատուկ թեմաներ,ինչպէս` «Սպասում», «Երազը», «Թիթեռնիկներու պար», «Ժամանակի հետ երկխօսութիւն» եւ «Վերածնունդ»:
Ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ 16 Սեպտեմբեր 2011, ամէն օր, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 8:00: