Երկուշաբթի, 12 Ապրիլի առաւօտեան Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի գլխաւորութեամբ Լիբանան այցելող պատուիրակութեան մաս կազմող մշակութային գործիչները այցելեցին Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատուն եւ «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահ:
Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան արուեստի վարչութեան պետ Սօնա Յարութիւնեան, Ազգային ժողովի մշակութային հարցերու պատասխանատու Արմինէ Անտիկեան, , արուեստի վաստակաւոր գործիչ, թատերագէտ եւ բեմադրիչ՝ Երուանդ Ղազանչեան, վաստակաւոր գեղանկարիչներ Արմէն Գէորգեան, Մարինա Տիլանեան եւ Թենի Վարդանեան, ինչպէս նաեւ արուեստագէտ Կամօ Սէյրանեան: Հայրենի հիւրերը ծանօթացան Համազգայինի հրատարակչական եւ գրատարածման գործունէութեան, ինչպէս նաեւ ցուցասրահի աշխատանքներուն:
Անոնք դրուատիքով արտայայտուեցան ցուցասրահին մէջ այժմ շարունակուող քանդակագործ Զաւէն Խտըշեանի ցուցահանդէսին մասին, եւ մատեանին մէջ արձանագրեցին իրենց բարձր գնահատանքը:
Խօսակցութեանց հիմնական առանցքը կազմեցին հայրենիք- սփիւռք մշակութային յարաբերութիւններու յաւելեալ սերտացումը, ինչպէս նաեւ փոխանակումներու հետեւողականութիւնն ու զարգացումը:
Հայրենի հիւրերը ացելեցին նաեւ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան, ուր տնօրէնութեան հետ հանդիպումին ընթացքին ծանօթացան Ճեմարանի 80 ամեայ պատմութեան եւ այցելեցին դպրոցին զանազան բաժինները: Անոնք հիացան գրադարանի հաւաքածոյին վրայ եւ հաստատեցին անոր իւրայատկութիւնը իբրեւ դպրոցային գրադարան, որ իր նմանը չունի ոչ միայն սփիւռքի տարածքին, այլեւ՝ ամբողջ Հայաստանի:
Այցելութիւններէն ետք, պատուիրակութիւնը եղաւ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ճաշի հիւրը: