
20 Յունուարին, «Արարատ» մարզաւանի «Վաչիկ Ղարաբէգեան» սրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ Հ.Մ.«Արարատ» Կազմակերպութեան 23-րդ Պատգամաւորական ժողովին՝ մասնակցութեամբ Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Սեպուհ արք. Սարգսեանի, Թ.Հ. թեմի պատգամաւորական ժողովի, Թեմական խորհուրդի ներկայացուցիչներուն, Լիբանանէն՝ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Մարտիկ Տէմիրճեանի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Գրիգորիս Պողարեանի, իրանահայ քոյր միութիւններու վարչութիւններու, «Ալիք» հաստատութեան ներկայացուցիչներու, հրաւիրեալներու ու այլ ազգայիններու:
Ժողովին բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հ.Մ.Ա.Կ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան նախագահ Էդուարդ Բաբախանեանը, որ հրաւիրեց Սրբազան Հայրը, որպէսզի իր օրհնութեամբ պաշտօնապէս ժողովին բացումը կատարէ:
Սրբազան Հայրը կարեւորութեամբ անդրադարձաւ մէկ ամբողջութիւն տեսլականին: Ան նշեց, որ ձեռք-ձեռքի տուած՝ պէտք է շարունակենք մեր գոյապայքարը: Սրբազան Հայրը խօսելով դժուարութիւններու մասին՝ շեշտեց ընդմիշտ նոր մարտահրաւէրներու գոյութիւնը եւ անհրաժեշտութիւնը նոր միջոցներու մասին խորհելու, խօսքէն գործի անցնելու:
Սրբազան Հօր խօսքէն ետք ներկաներէն իրենց պատգամները փոխանցեցին՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Գրիգորիս Պողարեանը եւ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Մարտիկ Տէմիրճեանը, Թեհրանի ազգային-հասարակական մարմիններու անունով արտայայտուեցան դոկտ. Լեւոն Դաւթեանը եւ «Ալիք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Դերենիկ Մելիքեանը:Հ. Ուս. «Չհարմահալ» միութեան անունով ողջոյնի խօսք ուղղեց միութեան վարչութեան անդամ Նիկոլ Մուսախանեանը:
Բացման հանդիսութեան աւարտին յուշանուէրներ յանձնուեցան «Համազգային»ի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ներկայացուցիչներուն:
Քաղուած «Ալիք» օրաթերթէն