
Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան 80-ամեակի հանդիսութեան ընթացքին Կեդրոնական Վարչութիւնը շքանշանով մը պարգեւատրեց Ճեմարանէն ներս տարիներու վաստակ ունեցող երկու նուիրեալ ուսուցիչներ՝ Օրդ. Ալիս Գազանճեանն ու Պրն. Անթուան Քէհյէեանը (Սըր): Սըր-ը առողջական պատճառներով չէր կարողացած հանդիսութեան ներկայ գտնուիլ:
Երեքշաբթի 23 Դեկտեմբերին Համազգային Կեդրոնական Վարչութեան պատուիրակութիւն մը այցելեց Սըր-ին՝ վերոյիշեալ շքանշանը յանձնելու համար: Այցելուները Սըր-ի աշակերտ եւ տարիներու ծանօթութիւն ունեցող անձեր էին: Բնական էր որ մէկ ժամուան այդ այցելութիւնը հին յուշեր բացուելու առիթի ծառայէր.- Ճեմարանի հին օրերու եւ գիշերօթիկի, Սիմոն Վրացեանի, Կոմսի ընտանիքի եւ զանազան այլ հարցերու մասին: Մանուկի մը նման մերթ ընդ մերթ կ°ուրախանար ու կը տխրէր այդ պատկերները յիշելով:
Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեան շքանշանի տուփը բացած միջոցին Սըր-ին ըսաւ. «Այս որ տեսնեն քու աշակերտներդ, վստահ եմ որ բոլորն ալ շատ պիտի ուրախանան, որովհետեւ քեզ շատ կը սիրէին եւ կը սիրեն»: Այս խօսքին վրայ ան գլուխը կախեց, շրթունքները սեղմեց, աչքերը սառեցան, լռեց: Սըր-ի Աքիլլէսի կրունկն էին Ճեմարանի հին օրերը , յատկապէս գիշերօթիկի կեանքը: Ան տարիներ այդ տղոց եւ աղջիկներուն հօր եւ մեծ եղբօր պէս գուրգուրացած էր եւ անոնց հետ բաժնած ուրախ ու տխուր պահեր, տաք ու պաղ օրեր: Օրեր, որոնք չկան այլեւս, կան միայն ճեմարանեան յիշատակներ: Կայ նաեւ իր հոգեկան ներաշխարհային կապը անխտիր բոլոր այն սերունդներուն հետ, որոնք անցած են Ճեմարանէն: Իր համեստ տան մէկ անկիւնն է իր այդ կապի ճամբան՝ մոմը, խունկն ու աղօթքը: Կ°աղօթէ բոլորին համար առանց խտրութեան:
Լռութեան պահուն յիշեցի Սըր-ին կողմէ պատմուած հետեւեալ դրուագը.
Օր մը, առանձին գտնուած մէկ պահուն Ս.Վրացեան կը նեղանայ, որ Սըր տարիներով իր կողքին կանգնած հոգատարութիւնը կ՝ընէ, կ՝արտայայտուի ըսելով, որ դո°ւն ալ հետս կը չարչարուիս:
- Ի¯նչ կ՝ըսէք Պարոն Վրացեան, մեծ հաճոյքով կ՝ընեմ այդ, քանի որ ես Ձեր մէջ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ կը տեսնեմ: Այս որ ըսի, Վրացեան որ հուժկու եւ զօրաւոր անհատականութիւն ունեցող անձ մըն էր, գլուխը մէկ կողմ դարձուց եւ լռեց: Ի¯նչ տեսնեմ, արցունքի խոշոր կաթիլ մը այտին վրայէն վար սահեցաւ : Ցնցուած էի ես: