
Հինգշաբթի, 15 Հոկտեմբեր 2015-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ հայրենի արուեստագէտ ու գեղանկարիչ Յարութիւն Յակոբեանի գեղանկարչական գործերու ցուցահանդէսին` հովանաւորութեամբ «Սալթեք» հաստատութեան: Ցուցահանդէսի բացման ներկայ էին երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Աշոտ Քոչարեան, հիւրեր ու արուեստասէրներ:
Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Սիւզի Տէրտէրեան, որ յայտնելով ցուցասրահի վարչութեան ուրախութիւնը` հիւրընկալելու հայրենի արուեստագէտը, ըսաւ, որ Յարութիւն Յակոբեան կ՛ապրի եւ կը ստեղծագործէ հայրենիքի մէջ, կը հարստանայ իր ներաշխարհով եւ կը հարստացնէ իր արուեստը: Ապա Տէրտէրեան նշեց, որ Յարութիւն Յակոբեանի արուեստը լիբանանահայ հանրութեան ծանօթացնելու գործին մէջ նշանակալից դեր ունեցած է արուեստագէտ տոքթ. Յարութիւն Նիկոլեան: Իր խօսքի աւարտին Սիւզի Տէրտէրեան շնորհակալութիւն յայտնեց «Սալթեք» հաստատութեան սեփականատէրներ Սալխանեան եղբայրներուն, որոնք քաջալեր կը հանդիսանան Համազգայինի հրատարակչական առաքելութեան եւ մշակութային տարբեր մարզերու ծրագիրներու իրականացման:
Յարութիւն Յակոբեանի արուեստին մասին խօսեցաւ արուեստաբան դոկտ. Մովսէս Հերկելեան: Ան ըսաւ, թէ իր ամէնէն սիրած ու ամէնէն գնահատած արուեստագէտներէն մէկն է Յարութիւն Յակոբեան, որ կը պատկանի այն սերունդին, որոնք ի յայտ եկան Խորհրդային Միութեան փլուզման եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման շրջանին: Ապա աւելցուց, որ այն օրերուն խումբ մը արուեստագէտներ առանց իրարու ճանչնալու, յանկարծ սկսան ստեղծագործել համաձայն իրենց ներքին թելադրանքին` շեշտելով իրենց արուեստին մէջ անհեթեթի դպրոցը: Այս արուեստագէտներու խումբը այսօր ալ կը շարունակէ հայրենի արուեստը ներկայացնել դուրսի աշխարհին: