
Յունիս ամսուան առաջին շաբաթավերջին Աթէնքի եւ Թեսաղոնիկէի մէջ յունահայութիւնը տօնեց Մայիսեան անկախութեան 90ամեայ փայլուն տարեդարձը:
Աթէնքի մէջ ձեռնարկով եւ խնճոյքով, իսկ Թեսաղոնիկէի մէջ եկեղեցական արարողութեամբ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, պատշաճ ձեւով նշուեցաւ Սարդարապատեան անկախութեան 90-ամեայ խորհուրդը:
Համազգայինի «Յակոբ Փափազեան» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ խմբավարուհի տիկին Ռուզաննա Գրիգորեանի ներկայացուց Էտկար Յովհաննիսեանի «Սարդարապատ», Ալեքսանդր Յարութիւնեանի «Հայրենիքիս հետ» եւ Մաւիսագալեանի հայրենասիրական երգերու շարք մը: Դաշնակի վրայ ընկերացաւ օր. Վարդենի Սպարթալեան, իսկ մեներգներով հանդէս եկան պրն. Վիգէն Մինասեան եւ օր. Անի Նահապետեան:
Ձեռնարկի աւարտին հանդէս եկաւ Համազգայինի «Նայիրի» երկսեռ պարախումբը, իր պարուսոյց պրն. Յովհաննէս Խաչիկեանի ղեկավարութեամբ. յաջորդաբար ներկայացուեցան «Քոչարի», «Հայոց աղջիկներ» եւ «Շիրակ» պարերը: Եր•չախումբի ու պարախումբի ելոյթները մեծապէս գնահատուեցան ներկաներուն կողմէ եւ մեծ ոգեւորութիւն ստեղծեցին հանդիսատեսներուն մօտ:
Ձեռնարկին բանախօսելու համար յատկապէս հրաւիրուած էր Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ, ԱԺ պատգամաւոր Վահան Յովհաննիսեանը:
Ձեռնարկին ներկայ էին ՀՀ դեսպան պրն. Վահրամ Կաժոյեանը, Յունաստանի առաջնորդ Խորէն եպս. Տողրամաճեանը եւ կրօնական դասը, Յունահայոց Ազգային Վարչութիւնը, հայ կաթողիկէ ժողովրդապետ Ռաֆայէլ քհնյ. Շեֆիքեանը, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ եւ Համազ•այինի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեանը եւ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէի, Հայ Դատի Յանձնախումբի անդամները, Հ. Կ. Խաչի, Համազգայինի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչներ, ՀՀ դեսպանութեան խորհրդական Սերովբէ Բեջանեանը, Վիրոնայի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Մարօ Ատամոփուլու, միութենական կառոյցներու անդամներ, վարչականներ եւ հայրենակիցներ:
Թեսաղոնիկէի մէջ եւս Կիրակի 1 Յունիսի առաւօտեան, եկեղեցական արարողութեամբ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, պատշաճ ձեւով փոխանցուեցաւ Սարդարապատեան խորհուրդը: Համազգայինը հոն եւս ելոյթներ ունեցաւ: