
«Համազգային»ի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ Րոժէ Խատարեանին դիմած էի՝ խնդրելով առիթ տալ, որ ներկայանամ իրենց ժողովին՝ «Ասպարէզ»ի խմբագրութեան կողմէ քանի մը առաջարկներ փոխանցելու:
Ներկայացայ ժողովին: Քիչ մը կանուխ գացած ըլլալով՝ առիթ ունեցայ (տրուեցաւ ինծի) մասնակից ըլլալու կազմակերպական կարգ մը խնդիրներու քննարկման:
Շրջանային Վարչութիւնը այդ օրը իր նիստին մասնակցելու հրաւիրած էր նաեւ նախկին ատենապետներ, որոնց հետ կը քննարկէր իր հետագայի ծրագիրները՝ դիմելով անոնց խորհուրդին:
Կազմակերպութեան բեռը անցեալին իրենց ուսերուն կրած այս գործիչները, ո՛չ միայն իրենց կարծիքներն ու առաջարկները տուին, այլեւ գործնական օժանդակութիւն բերելու պատրաստակամութիւն յայտնեցին:
Ժողովասենեակին մէջ զգալի էր փորձառու գործիչներուն շունչը: Հաւանաբար իմ կողմէս անտեղի էր, սակայն ես փափաքեցայ անպայման գնահատել Շրջանային վարչութեան նախապէս ղեկավար դերակատարութիւն ունեցող իր գործակիցները յարգելու եւ զանոնք քննարկումներու ու աշխատանքներու մէջ ներգրաւելու նախաձեռնութիւնը: Միութիւնը միայն կը շահի նման նախաձեռնութենէ:
«Համազգային»ը կրնայ ըլլալ միակ կազմակերպութիւնը չէ, ուր նախկին ղեկավարները կը գնահատուին եւ պատասխանատուութեանց կը կանչուին: Յամենայնդէպս, խրախուսելի այս գործելաձեւը մատնանշելու առիթը չուզեցի փախցնել: Ընդհանրացած է, որ միութենական կեանքի մէջ նորերը այնպէս կ՛աշխատին, որ կարծես առաջիններն են այդ դաշտին վրայ, ու ոչ ոքի խորհուրդին կամ օգնութեան կարիքը ունին: Այդ գործելակերպով պարզապէս անիմաստ մսխում մը կը կատարուի՝ զրկելով միութիւնը փորձառութեամբ հարուստ մարդոց օգտակար ներդրումէն:
«Համազգային»ի Շրջանային Վարչութիւնը որոշած է նման հարստութենէ չզրկուիլ: Հայ մշակոյթի զարգացման ու տարածման դժուարին առաքելութիւնը առաւելագոյն լարում կը պահանջէ որեւէ կազմակերպութենէ, ու իւրաքանչիւր անձի լուման ներգրաւելը այդ ուղղութեամբ՝ միայն կրնայ նպաստել ընդհանուր գործին:
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Քաղուած՝ «Ասպարէզ»-էն