
Փասատենա, Քալիֆորնիա¬¬ Շնորիիւ Համազգայինի Փասատենայի մասնաճիւղին, Հայ Երիտասարդական Միութեան եւ Հայ Դատի Յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած միացեալ ձեռնարկին, Հարաւային Քալիֆորնիայէն հարիւրաւոր ամերիկահայեր հաւաքուեցան Ապրիլ 16, 2010¬ին՝ դիտելու համար «Ռեվիշտ Արմինիա» ժապաւէնէն յատուկ ներկայացուած հատուածներ:
Հայկական Ցեղասպանութեան մասին այս ժապաւէնէն մասեր, զորս մասնագէտներ կը կարծէին ի սպառ կորսուած ըլլալ, փրկուած են եւ վերածուած՝ կարճ ժապաւէնի: Արմինիըն Ճենոսայտ Ռիսորս Սենթըրէն Ռիչըրտ Տ. Քլոյեան պատրաստած է 24 վայրկեան տեւողութեամբ բարելաւուած եւ խմբագրուած տարբերակ մը, որուն ան բծախնդրութեամբ աւելցուցած է պատմական ներածական մը, նկարագրական ենթախորագիրներ, լաւ ընտրուած երաժշտութիւն եւ ժապաւէնին պատրաստութեան լուսանկարներու սահիկը՝ ստեղծելով կարեւոր փաստաթուղթ մը:
«Փասատենայի Համազգայինը հպարտ է մեր գաղութին մատուցելու այս նշանակալից ժապաւէնը»,- ըսաւ Համազգայինի տեղւոյն մասնաճիւղի ներկայացուցիչ Մանուկ Ճուխաճեան,- «Մեր կազմակերպութեան հիմնական նպատակներէն մէկն է պահպանել մեր մշակութային ժառանգութիւնը: Օրօրա Մարտիկանեանի «Ռեվիշտ Արմենիա»ի այս յատուկ ցուցադրութեամբ մենք կը ներկայացնենք մեր մշակութային ժառանգութեան շատ կարեւոր մասը, որ ստեղծուած է Հայկական Ցեղասպանութեան պատճառով եւ Օրօրայի շարժապատկերային խիզախ ջանքերուն շնորհիւ», աւելցուց Մանուկ Ճուխաճեան:
«Փասատենայի Հայ Երիտասարդական Միութեան Նիկոլ Դուման մասնաճիւղը հպարտ է մեր գաղութին եւ յատկապէս մեր երիտասարդութեան հետ բաժնեկցելու Օրօրա Մարտիկանեանի այս յատկանշական գործը», ըսաւ Փասատենայի Հայ Երիտասարդական Միութեան անդամ Արմի Գէորգեան: «Օրօրայի կեանքին պատմութիւնը այնպիսի ներշնչարան է, որ պէտք է միշտ յիշուի մեր գաղութին կողմէ,» աւելցուց Գէորգեան:
Օրօրա Մարտիկանեանի «Ռեվիշտ Արմինիա» խորագրեալ գիրքը (նաեւ ծանօթ «Տի օքշըն աֆ սոլզ» անունով) հրատարակուած է 1915¬ի Հայկական Ցեղասպանութեան սկիզբ առնելէն երեք տարի ետք: Հատորին այնքան շուտ տպագրութիւնը յայտնապէս զայն կը վերածէր Ցեղասպանութենէն վերապրողի անգլերէնով հրատարակուած առաջին յուշագրութեան: Միացեալ Նահանգներ հասնելէն ամիսներ ետք, Մարտիկանեան շաբաթը 15 տոլար վարձատրութեան փոխարէն իր կերպարը կը մարմնաւորէր իր հատորին շարժապատկերային պատշաճեցման մէջ եւ կը վերստեղծէր Հայկական Ցեղասպանութեան ահարկու տեսարանները:
«Ռեվիշտ Արմինիա» ժապաւէնը բեմադրուած էր վեթերան բեմադրիչ Օսքար Ափֆէլի կողմէ: Պատմաբաններու եւ շարժապատկերի մասնագէտներու համաձայն, ժապաւէնը 1919¬ին, երբ առաջին անգամ լոյս տեսած է, արժանացած է բաւական մեծ ուշադրութեան եւ օգտագործուած է Հայկական Ցեղասպանութենէն վերապրողներուն օժանդակելու նպատակով Մերձաւոր Արեւելքի Օգնութեան դրամահաւաքի աշխատանքներուն ընթացքին: Սակայն, երկար ժամանակ «Ռեվիշտ Արմինիա» ժապաւէնը կը կարծուէր կորսուած ըլլալ: Անցնող երկու տասնամեակներուն ընթացքին, ժապաւէնէն հատուածներ վերայայտնաբերուած են եւ «Ռեվիշտ Արմինիա» ժապաւէնին առաջին ցուցադրութիւնը կարելի եղած է իրականացնել Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Փասատենայի Շահան Շահնուր մասնաճիւղին եւ Փասատենայի Հայ Երիտասարդական Միութեան Նիկոլ Դուման մասնաճիւղին ջանքերով, ինչպէս նաեւ Փասատենայի Հայ Դատի Յանձնախումբին օժանդակութեամբ:
Փասատենայի Հայկական Կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկին ընթացքին կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով խօսք արտասանեց Մանուկ Ճուխաճեան, իսկ Փասատենայի Հայ Դատի Յանձնախումբին կողմէ խօսք առաւ յանձնախումբին ատենապետ Րաֆֆի Համբարեան: Հանդիպման գլխաւոր բանախօսն էր Էրիք Նազարեան, Հոլիվուտի նշանաւոր բեմադրիչներէն եւ բեմագիրներէն մէկը: Վերջերս, 2007¬ին, Էրիք Նազարեան բեմադրեց մրցանակակիր «Տը պլու աուըր» ժապաւէնը: Իր խօսքին մէջ, Նազարեան անդրադարձաւ Օրօրա Մարտիկանեանի ուշագրաւ համբերութեան եւ ուժին, որոնց շնորհիւ ան ոչ միայն կարողացաւ վերապրիլ Հայկական Ցեղասպանութեան սարսափէն, այլ նաեւ իր մէջ բաւարար ուժ գտաւ Միացեալ Նահանգներ ժամանելէն անմիջապէս ետք իր պատմութիւնը արծաթեայ պաստառին փոխանցելու:
Փասատենայի Հայ Դատի Յանձնախումբին գործունէութեան նպատակն է պաշտպանել շրջանին հայ գաղութին ընկերային, տնտեսական, մշակութային եւ քաղաքական իրաւունքները եւ քաջալերել ամերիկահայերը՝ աւելի մեծ քաղաքացիական ներգրաւուածութիւն ունենալու ընկերային եւ հանրային կեանքի աւելի լայն մակարդակներու մէջ: