
«Գիրքը՝ մեր ընկերը. պատմութիւնը՝ մեր երեւակայութիւնը» նշանաբանով, ամէն ամսուան երրորդ շաբաթ օրը տեղի կ'ունենայ Համազգայինի Մոնթրէալի մասնաճիւղի «Փոքրերու պատմութեան ժամ» ծրագիրը:
Շաբաթ, 19 Մարտ 2016ին, Համազգային «Սանահին» Արուեստի կեդրոնը ժամադրավայրն էր խումբ մը ծնողներու եւ աւելի քան 17 երեխաններու, որոնք եկած էին ունկնդրելու Դերենիկ Դեմիրճեանի «Պույ-Պույ մկնիկը» պատմութիւնը եւ խաղերով ու երգերով իրենց մասնակցութիւնը բերելու «Փոքրերու պատմութեան ժամ» յայտագրին: Այս անգամուան պատմողն էր Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Մոնթրէալի «Սանահին» մասնաճիւղի երիտասարդ ուժերէն՝ Բալիկ Պալեանը, որ հետաքրքրական ձեւով ներկայացուց «Պույ-Պույ մկնիկը» մերթ պատմելով, մերթ երգելով, մերթ հրաւիրելով երեխաները իրենց մասնակցութիւնը բերելու կապկելով զինք կիթառ նուագելով, մերթ ալ հարցում-պատասխաններով: Աւարտելէ ետք պատմութիւնը, փոքրիկները մեծ ուրախութեամբ դիտեցին «Պույ-Պույ մկնիկը» տեսերիզը եւ անցան ձեռային աշխատանքի պատրաստութեան: Աւելի ուշ, անոնք ճաշակեցին համեղ կարկանդակն ու օշարակը, եւ շոյելով պզտիկ մկնիկը խրատեցին որ ան գոհանալ գիտնայ իր ունեցածներով, շատակեր չըլլայ եւ միշտ մարզանք ընէ, որպէսզի առողջ մնայ:
Համազգայինի «Փոքրերու պատմութեան ժամ» յայտագրին ներկայ ըլլալով, փոքրիկները կը լսեն անսխալ հայերէն, կը սորվին նոր բառեր եւ հաճելի ժամանակ կ'անցընեն, սովորական օրերէ բոլորովին տարբեր:
Յաջորդ «Փոքրերու պատմութեան ժամ» յայտագիրը տեղի պիտի ունենայ 16 Ապրիլին, ժամը 3:00- 4:30, ինչպէս միշտ Համազգային «Սանահին» Արուեստի Կեդրոնին մէջ: Պատմողն է Մեղրի Պագարեան,
Եթէ կ'ուզէք որ ձեր երեխաներն ու թոռները մասնակից դառնան այս հաճելի յայտագիրներուն ու գտնուին նման հաճելի մթնոլորտի մը մէջ, ընկերակցեցէք մեզի հեռաձայնելով 514 591 3536 թիւին կամ գրելով հետեւեալ ե-հասցէին anihratch97@gmail.com:
Համազգային «Սանահին» Մասնաճիւղի Վարչութիւն