
Ուրբաթ, 19 Հոկտեմբեր 2018-ին տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Սանահին» մասնաճիւղի «Գիրքը՝ մեր ընկերը, պատմութիւնը մեր երեւակայութիւնը» նշանաբանով՝ «Փոքրերու Պատմութեան Ժամ»-ի 2018-2019 տարեշրջանի անդրանիկ հաւաքը:
Բոլոր փոքրիկները խանդավառ էին վերագտնելու իրենց ընկերները եւ սիրելի պատասխանատուն: Հին ընկերներուն կողքին, նոր փոքրիկ ընկերներ միացան խմբակին: Երբ բոլոր փոքրիկները գորգին վրայ իրենց տեղերը գրաւեցին, Արփի Սողոմոնեան ընթերցեց Այտա Պ. Մինասեանի «Անին ու Արան»:
«Անին» ու «Արան» իրենց իմաստութեան եւ ճարպիկութեան շնորհիւ կրցան ազատիլ իրենց հանդիպած արկածախնդրութիւններէն եւ միանալ իրենց հօրը՝ պապենական տան մէջ: Պատմողին դերակատարի փորձառութեան շնորհիւ փոքրիկները իրենց նախասիրած պատմութեան տիպարին դերը ընտրելով կենդանի պատկեր ներկայացուցին: Այս միջոցաւ յայտնաբերեցին իրենց թատերական ձիրքերն ու տաղանդները: Անխոնջ երեւակայութեան տեղի տալով՝ դերերը փոխեցին իրենց ճաշակին համեմատ եւ տեղափոխուեցան հեքիաթային աշխարհ, խաղարկութեան տալով իւրայատուկ շունչ եւ ոգի: Պատմողը նոյնիսկ փոքրիկ տնակ մը տրամադրած էր բեմադրութեան համար, որուն մէջ մեծ հաճոյքով մուտք եւ ելք գործեցին փոքրիկները:
Զեզ անհամբեր կը սպասենք մեր յաջորդ հանդիպումին Ուրբաթ 16 Նոյեմբեր 2018-ին «Մուշեղ Իշխան» Գրադարանէն ներս, ժամը 6-էն 7:
Ձեր երեխաներն ու թոռները կրնան ընկերակցիլ մեզի եւ ճոխ յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերել, հեռաձայնելով Մեղրիին՝ 514 826-1075, կամ գրելով հետեւեալ ե-հասցէին megho7@hotmail.com:
Ռոզմարի Սահակեան
«Սանահին» մասնաճիւղի «Փոքրերու Պատմութեան Ժամ»-ի վարչական ներկայացուցիչ