
Ուրբաթ, 16 Նոյեմբեր 2018-ին, տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Սանահին» մասնաճիւղի «Գիրքը՝ մեր ընկերը, պատմութիւնը՝ մեր երեւակայութիւնը» նշանաբանով «Փոքրերու պատմութեան ժամ»-ի ամսական հաւաքը:
Փոքրիկները կարգով գրադարան մուտք գործեցին եւ տեղաւորուեցան սեղաններուն շուրջ, ուր գոյնզգոյն ներկերով գունաւորեցին պատկերները, որ իրենց տրամադրուած էին: Երբ բոլոր փոքրիկները գրադարան հաւաքուեցան, պատմողը՝ Շաղիկ Թորիկեան, զիրենք հրաւիրեց որ գորգին վրայ տեղաւորուին եւ պատրաստուին ունկնդրելու Կրիմ եղբայրներու «Պրեմ քաղաքի երաժիշտները»: Բոլորը հետաքրքրութեամբ հետեւեցան կենդանիներուն դէպի Պրեմ քաղաքը երթին: Կենդանիները, այլեւս իրենց տիրոջ յանձնարարած պաշտօնը կատարելու ուժը եւ կարողութիւնը չունենալով, որոշեցին Պրեմ քաղաքը մեկնիլ, որպէսզի անտէր չմնան եւ նորանոր փորձառութիւններու տիրանան՝ յատկապէս նուագելով իրենց նախասիրած երաժշտական գործիքը: Փոքրիկները պատմողին հարցումներուն կը պատասխանէին եւ միաժամանակ անհամբեր կը սպասէին կենդանիներու ճամբորդութեան աւարտին:
Պատմութենէն ետք իւրաքանչիւր փոքրիկ, իր նախասիրած կենդանիին թուղթէ խամաճիկը պատրաստեց, զայն իր ճաշակով ներկելով եւ զարդարելով զանազան առարկաներով: Բոլորն ալ առիթը ունեցան իրենց ընկերներուն հետ բաժնելու անձնական պատմութիւններ՝ դպրոցի կամ տան պատահարներ, զուարճացնելով իրենց փոքր եւ մեծ բարեկամները:
Համազգային «Սանահին» մասնաճիւղի վարչութիւն