ԱՄՆ եւ Գանատա
Շրջանային Վարչութիւններ

Հակառակ Աշխարհի Ախոյեանութեան ոտնագնդակի աւարտական խաղին, Յուլիս 13, 2014, երբ շուտով` ժամը 3:00ին պիտի սկսէր Արժանթին-Գերմանիա մրցումը Պրազիլի մէջ, կէսօրէ ետք ժամը 1։30ին, կոկիկ գրասէր հասարակութիւն մը ժամադրուած էր Նիւ Ճըրզիի Վարդանանց Եկեղեցւոյ կից սրահին մէջ, հանդիպելու համար ամերիկահայ, այլեւս հանրայայտ գրող Քրիս Պոհճալեանին եւ լսել իրմէ իր վերջին գիրքին` «Փակէ՛ աչքերդ, բռնէ ձեռքերը» – «Close your eyes, hold hands» մասին։ Անցեալին եւս գրագէտին համար մեր հայկական մշակութային զանազան կազմակերպութիւնները նմանօրինակ հանդիպումներ կազմակերպած էին։ Այս մէկը սակայն կազմակերպուած էր Նիւ Ճըրզիի «Համազգային»ին կողմէ։