
Ուրբաթ 24 Յուլիսին, ուսանողները այցելեցին Սարդարապատ ու մօտէն ծանօթացան տեղւոյն ազգագրական թանգարանին մէջ ցուցադրուող հնութիւններուն: Երեկոյեան, ֆորումականներուն համար կազմակերպուեցաւ "Չիզ էնտ Ուայն":
Յաջորդ օրը, ուսանողները ուղղուեցան դէպի Լոռի եւ այցելեցին Հաղբատի եկեղեցին:
Կիրակի 26 Յուլիսին տեղի ունեցաւ ֆորումի աւարտական հանդէսը եւ վկայականներու յանձնումը: Հանդէսի գեղարուեստական ծրագիրը պատրաստուեցաւ եւ մատուցուեցաւ ուսանողներուն կողմէ: