Ֆորում

Ֆորումի 11-րդ օրը սկիզբ առաւ 26 Յուլիս 2016-ին։ Առաւօտեան, մասնակիցները այցելեցին Մատենադարան եւ ծանօթացան պատմամշակութային նշանակութիւն ունեցող ձեռագիրներու։
Ապա, անոնք ուղղուեցան դէպի Սարդարապատ, ուր այցելեցին տեղւոյն թանգարանը եւ հակիրճ կերպով ծանօթացան Հայաստանի Ա. անկախութեան պատմութեան, որմէ ետք բոլորը միասին երգեցին Սարդարապատի երգը։
Երեկոյեան, ֆորումականները ճաշեցին Երեւանի ճաշարաններէն մէկուն մէջ եւ երգ ու պարով ճոխ մթնոլորտ մը անցուցին։