
Շաբաթ, 8 Յուլիս 2017-ին Համազգայինի Ուսանողական Համախմբումը սկսաւ իր աշխատանքներուն: Աշխարհի 10 երկիրներէ համախմբուած 34 ուսանողներ մեծ խանդավառութեամբ կը սպասեն յառաջիկայ օրերու ծրագիրներուն:
Առաջին օրը, բացման հանդիպման ընթացքին, խօսք առին Համազգայինի Հայաստանի գրասենեակի տնօրէն Նարէ Միքայէլեան, Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եւ ֆորումի դաստիարակչական աշխատանքներու պատասխանատու Վիգէն Թիւֆէնքճեան եւ ֆորումի ընդհանուր պատասխանատու Արա Բարսեղեան: Ցուցադրուեցաւ Համազգայինի մասին տեսերիզ մը, որուն ընդմէջէն մասնակիցները ծանօթացան Համազգայինի առաքելութեան եւ գործունէութեան տարբեր երեսներուն: Ապա մասնակիցները ծանօթացան իրարու:
Ճաշէն ետք, ֆորումականները այցելեցին տեսարժան վայրեր: Երեկոյեան մինչեւ ուշ ժամեր Ֆլորանս ճաշարանին մէջ քէֆով ու պարով աւարտեցաւ ֆորումի առաջին օրը: