ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿՆԵՐ

Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը մինչեւ 1990 թուական եղած է նշանակովի: Մինչեւ 1980ական տարիները Վարչութիւնը գրասենեակ ու գործավարութիւն չունէր: Ընկեր Գառնիկ Բանեանը ներկայ կ°ըլլար ժողովներուն եւ ատենագրութիւն կը պահէր: Աւելին ընելու հարկն ալ չէր տեսնուեր, քանի կեդրոն-շրջաններ հետագայ անմիջական ու առօրեայ յարաբերութեանց դրութիւնը չկար տակաւին: Ժողովները տեղի կ°ունենային Ն.Փալանճեան Ճեմարանի սրահներէն մէկուն մէջ մերթ շաբաթօրեայ, մերթ երկշաբաթօրեայ դրութեամբ: Ժողովներուն կը մասնակցէր Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Համազգայինի մօտ ներկայացուցիչը. 80ական թուականներուն ներկյացուցիչն էր ընկեր Սարգիս Զէյթլեանը:

Այս վերջինին առեւանգումով եւ հետզհետէ շեշտուող անապահովութեան բերումով՝ ժողովատեղին փոխադրուեցաւ Արեւելեան Պէյրութ, ուր գրասենեակ մը վարձուած էր Քաղաքապետարանին մօտ՝ Մխիթարեան շէնքէն: Գործավարութիւնը ինքնաբերաբար դիմագիծ փոխեց. ընկեր Գառնիկ Բանեան փաստօրէն չէր կրնար այլեւս ծառայել թէ° տարիքի բերումով եւ թէ փոխադրութեան դժուարութեան պատճառով: Ուրեմն այսպէս է, որ իսկական գործավարական դրութիւն մը հաստատուեցաւ եւ պատասխանատուութիւնը յանձնուեցաւ ընկեր Բենօ Թոնդեանին: Այդ օրերուն Ս.Զէյթլեանի փոխարէն Կ.Վ.ի ժողովներուն կը մասնակցէր ընկեր Հրաչ Տասնապետեանը:

Ընկ. Բենօ Թոնդեան խորքին մէջ զոյգ պաշտօններ վարեց. ինք ոչ միայն գործավար էր եւ գրասենեակի պահապանը, այլեւ վերահսկիչ դարձաւ շինարարական այն բարդ եւ ծաւալուն գործունէութեան, որուն ձեռնարկուեցաւ 1980ական թուականներուն Արեւելեան Պէյրութի մէջ, նախ՝ Շաղզոյեան շէնքի դպրոցի վերածման աշխատանքով, որպէսզի Ճեմարանը այնտեղ գործէր, ապա՝ Ծաղկաձորի շէնքերու շինարարութեան առթիւ:

1990 թուականը անկիւնադարձ մը կազմեց թէ° Համազգայինի, թէ° գործավարութեան պատմութեան մէջ, քանի որ այդ թուականին Աթէնքի մէջ գումարուեցաւ պատգամաւորական առաջին ժողովը՝ մասնակցութեամբ մեր բոլոր հեռաւոր շրջաններու պատգամաւորներուն. ընտրուեցաւ կեդրոնական վարչութիւն. ասիկա Համազգայինի առաջին ընտրովի կեդրոնական վարչութիւնն էր :

Տրուած ըլլալով որ ատենապետ ընտրուեցաւ տոքթ. Եղիկ Գոնեալեանը, որ ամերիկաբնակ էր, Կեդրոնական Վարչութիւնը ստիպուեցաւ պահել երկու գրասենեակ, մէկը՝ Ամերիկայի մէջ, ընկերուհի Նազ Տէր Սարգիսեանի քարտուղարութեամբ, միւսը՝ Պուրճ Համուտի մէջ, ընկեր Յակոբ հաւաթեանի գործավարութեամբ:

Թէեւ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետը հաստատուած էր Ամերիկա, այսուհանդերձ Լիբանանի մէջ կը պահուէր 6 հոգինոց կազմ մը, որ կը գործէր լայն ինքնավարութեամբ. այս հատուածի ատենապետն էր ընկեր Կարպիս Հարպոյեանիը: Կ.Վ.ի նստավայրը փոխադրուած էր Շաղզոյեան կեդրոն:

Կարճ ժամանակի մը համար (1990-1994) Կեդրոնական Վարչութիւնը պարտաւոր էր երկու գրասենեակներով գործել:

1998ին գրասենեակի գործավարին՝ ընկեր Յակոբ Հաւաթեանին յանձնուեցաւ «Վահէ Սէթեան» տպարանի վարիչ տնօրէնի պաշտօնը, որմէ ետք գործավարական աշխատանքի համար գործի հրաւիրուեցաւ Արին Գալուստեանը, որ իր պաշտօնը կը շարունակէ մինչեւ օրս:

Կեդրոնական Վարչութեան նսավայրը 2001ին Շաղզոյեան կեդրոնէն փոխադրուեցաւ Նշան Փալանճեան Ճեմարան, աւելի ուշ՝ 2005ին, գրասենեակը փոխադրուեցաւ Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան, ուր կը գործէ մինչեւ օրս:

 

Հայաստանի Գրասենեակ

«Համազգային» հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնն իր գրասենեակը Հայաստանում հիմնել է 1991-ին:

Անցնող 17 տարիների ընթացքում Համազգայինի Հայաստանի մարմնի անդամներ են եղել հայրենի ճանաչուած մտաւորականներ Ռազմիկ Դաւոյեանը, Սոս Սարգսեանը, Ռուբէն Յովսեփեանը, Սարգիս Մուրադեանը, Վահագն Ստամբոլցեանը, Ռոմեն Ջուլհակեանը, Ֆելիքս Մելոյեանը, Երուանդ Երկանեանը եւ ուրիշներ:

Համազգայինի աշխարհասփիւռ ընտանիքի բոլոր անդամների պես Հայաստանի կառոյցը իրականացրել է միութեան ծրագրային առաքելութիւնը՝ ազգային դիմագիծ ու նկարագիր ունեցող հայի կերտումը, միաժամանակ ստանձնելով Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ իւրօրինակ մշակութային կամրջի դերակատարութիւնը:

Աշխատանքներն ընդգրկել են կրթութեան եւ մշակոյթի լայն ոլորտներ՝ գրահրատարակչութիւն« երաժշտարուեստ, գիտութիւն, կերպարուեստ, մշակութային փոխանակութիւններ եւայլն:

Ստեղծագործական յաջողութիւններ է արձանագրել 1994թ.-ին հիմնադրուած Համազգայինի թատրոնը, որն այսօր ունենալով պետական կարգավիճակ եւ վայելելով Համազգայինի հովանաւորութիւնը, շարունակում է մնալ արուեստագէտների եւ թատերասէրների ուշադրութեան կենտրոնում:

«Համազգայինի» Հայաստանի գրասենեակի հեղինակութեանն ու վարկին մեծապէս նպաստել են պարբերաբար կազմակերպուող գիտաժողովները (Տիգրան Մեծի գահակալութեան 2100 ամեակ, Նիկոլ Աղբալեան-130, Համաստեղ. կեանքն ու գործը), ակումբային հաւաքները, հանդիպում-դասախօսութիւնները, գրքերի քննարկումները, ցուցահանդէսները, շնորհանդէսները, համերգները:

«Մէկ ազգ, մէկ մշակոյթ» համահայկական փառատօնի շրջանակներում «Համազգայինի» գրասենեակը ստանձնելով կազմակերպական դերակատարութիւն, հայաստանցի մշակութասէրին է ներկայացրել «Համազգայինի» պարախմբեր (Լիբանանի «Գայեանէ» եւ «Քնար», Սիրիայի «Սարդարապատ», Սիդնէի «Սեւան», Լոս Անջելեսի «Անի»), երգչախմբեր (Լիբանանի «Կարկաչ» եւ «Կոմիտաս»), թատերախմբեր (Արգենտինայի «Ժ. Սարգսեան», Լիբանանի «Գասպար Իփէկեան»):

«Համազգայինի» աջակցութեամբ սփիւռքահայ գաղթօջախներում կազմակերպուել են հայրենի ամենաներկայանալի արուեստագէտների՝ Ա. Բաբախանեանի, Ա. Դաւթեանի, Կ. Սիմոնեանի, Լ. Մարկոսեանի Ք. Սահակեանի, Ա. Մովսիսեանի, Ռ. Հախվերդեանի, «Կոմիտաս» քառեակի, Հայաստանի պետական կամերային նուագախմբի, «Բարեկամութիւն» անսամբլի եւ այլ խմբերի հիւրախաղեր:

Համազգայինի միաւորներում աշխատելու համար գործուղուել են եւ այսօր էլ շարունակում են աշխատել մի շարք հայրենի դասախօսներ, արուեստագէտներ, մտաւորականներ, գիտնականներ:

Հայաստանի մշակութային կեանքում իրօք կարեւորագոյն ձեռքբերում էր բրազիլացի հանրայայտ արձակագիր Պ. Կոելոյի այցը Հայաստան (2004), ինչպէս նաեւ մեր հայենակցուհու՝ կանադահայ սոպրանո Իզաբէլ Բայրաքդարեանի հիւրախաղերը(2006):

Այս բոլոր ծրագրերը ոչ միայն հարստացրել են Հայաստանի մշակութային կեանքը, Սփիւռքահայ մշակոյթը ներկայացրել հայրենիքում, զարգացրել Հայաստան-Սփիւռք հոգեւոր մշակութային յարաբերութիւնները, այլեւ մէկ անգամ եւս վերահաստատել այն ճշմարտութիւնը, որ հայապահպանութեան իրական առանցքը հայ մշակոյթն է: