Համազգայինի 7րդ Պատգամաւորական Ժողովը տեղի պիտի ունենայ Մայիս 30, 31 եւ 1 Յունիս 2014ին, Երեւանի Անի պանդոկին մէջ։

Յիշեալ ժողովին պիտի մասնակցին աշխարհատարած մեր միութեան կառոյցներու ներկայացուցիչները, քննարկելու միութեանս քառամեայ գործունէութեան իրագործումները, դժուարութիւնները, ինչպէս նաեւ մշակելու յառաջիկայ գործունէութեան անմիջական ծրագիրները եւ ընտրելու նոր Կեդրոնական Վարչութիւն մը։

Ժամանակացոյց

Բացման պաշտօնական հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի, 29 Մայիս 2014-ին, երեկոյեան ժամը 6ին Անի պանդոկի Անի սրահին մէջ։

Ժողովը իր աշխատանքները պիտի սկսի Ուրբաթ առաւօտուն ժամը 10էն սկսեալ։

 

> Մասնակցողներու Ցանկ
> Ժողովի Օրակարգ