
Հիւսիսային Ամերիկայի Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային միութիւնը կազմակերպած է իր առաջին` ArtLinks Երիտասարդական Հաւաքը, շաղկապելու ընտրանի հայ արուեստագէտներ հայկական մշակոյթով խանդավառ երիտասարդներու հետ։
Մեր նպատակն է հետաքրքրութիւն սերմանել հայ արուեստին հանդէպ: ArtLinksը հանրածանօթ թէ սկսնակ արուեստագէտներու միջեւ երկխօսութեան միջավայր մը պիտի տրամադրէ աշխատանոցներու միջոցաւ: Այդ աշխատանոցները պիտի վարեն միջազգային համբաւի տէր հայ արուեստագէտներ, որոնք կու գան ստեղծագործական գրականութեան, երաժշտութեան, թատրոնի, շարժապատկերի, լրագրութեան եւ նոր քարոզչական միջոցներու բնագաւառներէն:
Առաջին տարուան հաւաքը պիտի կայանայ Օգոստոս 27-30 շաբաթավերջին, Your Own Inn հաստատութեան մէջ, Jewett, New York: Բոլոր մասնակիցները պիտի գիշերեն այդտեղ, ուր աշխատանոցներու վարիչները պաշտօնական նիստերով, ինչպէս նաեւ մասնակիցներուն հետ անպաշտօն հանդիպումներով իրենց գիտելիքներն ու փորձառութիւնները պիտի փոխանցեն երիտասարդներուն։