Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան հովանաւորութեամբ եւ նախաձեռնութեամբ կը գործէ «Նայիրի» կայքը՝ հայերէն ելեկտրոնային բառարաններու գրադարանը։ Կայքը իր սկիզբը ունի արեւմտահայերէնի ելեկտրոնային բառարան, որ ունի ամբողջական ուղղագրութիւն սրբագրիչ եւ արմատ-վերլուծիչ։
Տարիներու ընթացքին կայքը հետզհետէ զարգացաւ եւ այժմ կ՚ընդգրկէ նաեւ արեւելահայերէն եւ երկլեզու հայերէն բառարաններ։
Օրեր առաջ «Նայիրի»ն ունեցաւ նոր ձեռքբերում մը եւս. առ ցանց տեղադրուեցաւ Հրաչեայ Աճառեանի կոթողային աշխատանքներէն մէկը՝ Հայերէն Արմատական Բառարանը, իր ամբողջութեամբ եւ որոնելի իր գլխաբառերով։
Բառարանը կարելի է օգտագործել հետեւեալ հասցէով, ինչպէս նաեւ Նայիրիի մայր հայերէն բառարանը որոնելու ժամանակ (աջ կողմի սիւնակէն)՝
http://www.nayiri.com/imagedDictionaryBrowser.jsp?dictionaryId=7