Hamazkayin

Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան խօսքը` կարդացուած Վրէժ-Արմէն Արթինեանի կողմէ` բժ. Կարպիս Հարպոյեանի յուղարկաւորութեան եկեղեցւոյ կարգի ընթացքին 9 Ապրիլ 2025-ին, Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ
Անգամ մը եւս, իբր «Համազգային»-ի Կեդրոնական վարչութեան նախկին անդամ, ինծի վիճակուեցաւ խօսիլ գործակիցի մը եւ մտերիմ ընկերոջ մը մասին, որ առյաւէտ բաժնուեցաւ մեզմէ։

Արդ, առաջին հերթին կ՚ուզեմ Կեդրոնական վարչութեան խորազգած ցաւակցութիւնները յայտնել բժ. Կարպիս Հարպոյեանի կողակցին՝ տիկ. Էլիզապէթ Պտղունի Հարպոյեանին, դուստրերուն եւ ամուսիններուն՝ Դալար ու Գէորգ Գալլողլեաններուն, Լոռի ու Տանիէլ Զաքարեաններուն եւ Փաթիլ ու բժ. Արի Մկրտիչեաններուն, ինչպէս նաեւ իրենց համայն հարազատներուն՝ բժիշկին այս անժամանակ կորուստին առթիւ։

Անկասկած բժիշկ Հարպոյեան իր մասնագիտական, հասարակական թէ գրական գործունէութեամբ իր իւրայատուկ ու արժանաւոր տեղը կը գրաւէ Սփիւռքի տարեգրութեան մէջ։

Առաջին յատկանիշը, որ կը հաստատենք՝ իր ծառայութեան յօժարակամութիւնն է. ան ամբողջ կեանքը ծառայած է ժողովուրդին։ Ի՛ր ժողովուրդին եւ շրջապատին։ Ծառայած է նուիրումով, անշահախնդրօրէն, առանց ծափ ու ծնծղայի։

Երկրորդ յատկանիշը իր անսպառ կորովն է. ժրաջան, աշխատասէր, համագործակցող, մանաւանդ իր ստանձնած գործը անպայման իրագործելու եւ մասնագիտակա՛ն մօտեցումով իրագործելու իր ունակութիւնը։

Երրորդ յատկանիշը իր սէրն է իր պատկանած ժողովուրդին, անոր մշակոյթին եւ յատկապէս լեզուին նկատմամբ։ Եւ, փոխադարձաբար, ինքն ալ սիրուած ու յարգուած է իր գործակիցներուն, պատկան մարմիններուն եւ հանրութեան կողմէ։

Այստեղ նշենք յատկապէս «Համազգային»-ի հետ իր առնչութիւնը, որ կը սկսի 1958-էն՝ երիտասարդ տարիքին իր անդամակցութեամբ, իր ջանքերով 1968-ին՝ Անթիլիասի «Լեւոն Շանթ» մասնաճիւղի հիմնադրութեամբ, ապա, իբր անդամ, հուսկ ատենապետ Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, 1977-ին՝ «Ծնծղայ» մանկական երգչախումբի, իսկ 1983-ին Պուրճ Համուտի երաժշտական դպրոցի ստեղծումով, վերջապէս 1998-էն 2002՝ Կեդրոնական վարչութեան իր անդամակցութեամբ։ Աւելի ուշ ան մաս կազմած է նաեւ «Համազգային»-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան։

Ի զուր չէ, որ տարիներ շարունակ հայ հասարակական կեանքի եւ յատկապէս «Համազգային»-ի ծիրին մէջ իր տարած աշխատանքին առ ի գնահատանք, 2009-ին Կեդրոնական վարչութեան կողմէ արժանացած է «Համազգայինի շքանշան»-ին, ազգային եկեղեցական ծառայութեանց ծիրէն ներս նաեւ 2015-ին ստացած է Գանատայի Հայոց ազգային առաջնորդարանի «Յովհան Մանդակունի» շքանշանը, այլեւ 2016-ին պարգեւատրուած է «Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»–ի Պէյրութի կեդրոնի տնօրէնութեան կողմէ` «Գնահատանք» յուշատախտակով, Պէյրութի խորհրդատու յանձնախումբին մէջ իր բազմամեայ ծառայութեան համար, վերջապէս 2020-ին ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոս իրեն շնորհած է Մեծի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկեան ասպետի»-ի շքանշանը։

«Համազգային»-ի Կեդրոնական վարչութեան համար ան պիտի մնայ տիպար հայու եւ տիպար համազգայնականի այն կերպարը, որուն օրինակէն պիտի ներշնչուին գալիք սերունդները։

The post Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան խօսքը` կարդացուած Վրէժ-Արմէն Արթինեանի կողմէ`  բժ. Կարպիս Հարպոյեանի յուղարկաւորութեան եկեղեցւոյ կարգի ընթացքին 9 Ապրիլ 2025-ին, Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ first appeared on Hamazkayin.

Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան խօսքը` կարդացուած Վրէժ-Արմէն Արթինեանի կողմէ` բժ. Վազգէն Տէր Գալուստեանի տան կարգին, Մոնրէալի Սուրբ Յակոբ առաջնորդանիստ մայր եկեղեցւոյ մէջ, 2024 Սեպտեմբեր 15-ին
Նախ թոյլ տուէք, որ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութեան անունով` ատենապետ Զաքար Քէշիշեանի ու բոլոր վարչականներուն կողմէ Համազգայինի համայն ընտանիքի խորազգաց ցաւակցութիւնները յայտնեմ նոյն այդ Կեդրոնական վարչութեան բազմիցս անդամ ու ատենապետ եղած Վազգէն Տէր Գալուստեանի կնոջ` սիրելի Լենային, դուստրերուն` Սարինին ու Տարիային եւ իրենց ամուսիններուն, զաւակներուն, ինչպէս նաեւ` մօտաւոր թէ հեռաւոր ազգականներուն, որոնց համար անկասկած կորուստը շատ է ծանր:

Բայց կորուստը ծանր է բոլորի՛ն համար, բոլորը` ընդգրկելով իր ընկերները, ծանօթները, գործակիցները, բուժառուները, նոյնիսկ` բոլոր անոնք, որոնք այս կամ այն ձեւով վայելած են իր հասարակական գործունէութեան թէ մասնագիտական փորձառութեան բարիքները` առանց երբեք իրեն հանդիպած, ճանչցած կամ որեւէ պատճառով անունն անգամ լսած ըլլալու:

Իր կուսակցական թէ համազգայնական ընկերներուն համար Վազգէն տիպար անձնաւորութիւն մըն էր ամէնէն առաջ իր վարուելակերպո՛վ: Հակառակ իր բոլոր կարողութիւններուն եւ հմտութիւններուն, ան ոչ մէկ յաւակնութիւն կը ցուցաբերէր ուրիշներէ գերադաս ըլլալու կամ ամէն բան գիտնալու: Իրեն հետ ոեւէ մէկը կրնար խօսիլ հարազատի նման, հաւասարէ հաւասար, ամէնէն առտնին հարցերուն մասին անգամ, ու միաժամանակ զգալ ջերմութիւն մը, առնչութի՛ւն մը. ինք մի՛շտ վայելուչ` արտաքինով թէ ներքինով:

Իր մտքերն ու համոզումները գիտէր ուժեղ կերպով արտայայտել` առանց երբեք վարկաբեկելու տարբեր մտածող դիմացինը, նսեմացնելու անոր կարծիքը, եւ եթէ որեւէ պատճառով ձայնը բարձրացուցած ու զայն անհանգստացուցած ըլլար, գիտէր անյապաղ ներողութիւն խնդրել ու «հաշտուիլ»: Եւ եթէ տակաւին յամառէիր նեղուած զգալ, իր վարակիչ ժպիտը կ՛անհետացնէր ամէն բացասական զգացում:

Աւելի՛ն. Վազգէն գիտէր հետեւողականօրէն հետապնդել իր առաջադրանքները եւ հակառակ իր բազմազբաղ վիճակին (իր օրատետր-յուշատետրը միշտ ձեռքը)` պատրաստ էր անձնապէս մասնակցելու անոնց իրագործման աշխատանքներուն. հակառակ պարագային` պիտի չսրտնեղէր երբեք, եթէ անոնք մերժուէին ընդհանուրին կողմէ: Ունէր համբերութիւնը յաջորդ առիթին, յաջորդ բոլոր հնարաւոր առիթներուն վերստին առաջարկելու` աւելի համոզի՛չ շեշտով: Իր առաջարկները պիտի ունենային հեռահար ազդեցութիւն: Եւ այո՛, ինք հաւատացողն էր նաեւ հաւաքակա՛ն աշխատանքին, հաւաքակա՛ն ուժին:

Իրաւա՛մբ ան արժանացած էր Համազգայինի շքանշանին, ինչպէս նաեւ` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկիոյ իշխան» շքանշանին:

Վազգէն Տէր Գալուստեան մեծ հաւատք ունէր նաեւ մեր ներուժի՛ն վրայ, ուստի մեծապէս կ՛ուրախանար` ի տես նոր հասնող մեր երիտասարդ ուժերուն, կը խրախուսէր ու կը ջանար ամէն կերպ նպաստել անոնց զարգացման ու յառաջացման: Կը զգայիր, որ հայրական զգացում մը կը տածէր անոնց հանդէպ: Մանաւանդ ան կը պահանջէր, որ հաւաքականութիւնն ալ գնահատէր անոնց յաջողութիւնները: Իսկ մեր ներուժը ըսելով` ան կը հասկնար ամբողջ հայութեան կարողութիւնները, ոչ միայն մէկ կողմի կամ մէկ հատուածի:

Մեր մշակոյթն ու մեր լեզուն եւ մեր կրթարանները կիզակէտն էին իր ուշադրութեան, եւ ասոր վկայութիւնը կը հանդիսանան Համազգայինի մէջ երկարամեայ իր յանձնառութիւնները թէ այդ յանձնառութիւններու աւարտէն ետք ալ տակաւին իր հետապնդած ծրագիրները:

Առ այդ, ան կը մնայ մեզի եւ մեր յաջորդներուն համար տիպար կերպարը համազգայնականի, դաշնակցականի ու մարդու, որուն օրինակով ապրիլն ու գործելը մեր ձգտումը պէտք է հանդիսանայ:

Վարձքը կատար մեր վաստակաւոր ընկերոջ:

Ամփոփ Կենսագրական

Բժիշկ Վազգէն Տէր Գալուստեան ծնած է 27 հոկտեմբեր 1937-ին, Անտիոք: Ան զաւակն է տէր եւ տիկին Մովսէս եւ Անահիտ Տէր Գալուստեաններուն: Ծանօթ իրադարձութիւններու ի հետեւանք` ընտանիքը 1939-ին հարկադրաբար կը հեռանայ Մուսա Լեռէն ու կը հաստատուի Լիբանան: Ազգային ուսումը ստացած է Պէյրութի Նշան Փալանճեան ճեմարանէն:

Բժշկական հիմնական ու մասնագիտական (մանկաբուժութեան եւ ծինաբանութեան) վկայականները ստացած է` Պէյրութի ամերիկեան համալսարանէն (AUB) (1963, 1966), ԱՄՆ-ի Պոսթըն քաղաքի Հարվըրտ համալսարանի (մանուկներու հիւանդանոցի) բժշկութեան բաժանմումքէն (1966), Պալթիմոր քաղաքի Ճոն Հոփքինզ համալսարանէն (1968), այլեւ օգտուած է այլ հաստատութիւններու ընծայած յայտագրերէն` զարգացնելու համար իր հմտութիւնները:

Բժիշկ Տէր Գալուստեան ամուսնացած է 21 յունիս 1970-ին, Լենա Սէթեանին հետ: Անոնք բախտաւորուած են երկու դուստրերով` Սարին-Վանիա եւ Տարիա:

1986-ին ընտանիքին հետ փոխադրուած է Մոնրէալ:

Իբրեւ մանկաբուժ եւ ծինաբան, ի շարս իր այլ յանձնառութիւններուն, Վազգէն Տէր Գալուստեան` մնայուն թէ այցելու փրոֆեսէօր, դասաւանդած է Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին (AUB) եւ Մոնրէալի ՄքԿիլ համալսարանին մէջ: Առաջինի պարագային նաեւ հիմնադիր տնօրէնն է եղած Մարդկային ծինաբանութեան ազգային միաւորին, իսկ երկրորդի պարագային վարիչ տնօրէնն է հանդիսացած անոր Մոնրէալի մանուկներու հիւանդանոցի ժառանգական հիւանդութիւններու բաժանմունքին, ինչպէս նաեւ` նոյն համալսարանի բժշկական ծինաբանութեան վարժողական յայտագրին:

Համահեղինակն է երեք մասնագիտական հատորներու` Genetic diseases of the skin (1979), The kidney in genetic disease (1986) եւ Congenital Anomalies of the Ear, Nose and Throat, (1997):

Ան առանձնաբար կամ համահեղինակութեամբ հրատարակած է նաեւ շատ մեծ թիւով գիտական յօդուածներ եւ ուսումնասիրութիւններ` զանազան թերթերու, հատորներու կամ տեղեկագրերու մէջ:

Հրաւիրուած է դասախօսելու միջազգային բժշկական բազմաթիւ համագումարներու, մաս կազմած է մասնագիտական զանազան միջազգային մարմիններու, անոնց կարգին նաեւ` ՄԱԿ-ի բժշկական կազմակերպութեան յանձնախումբերու:

Արժանացած է մեծ թիւով բժշկական շքանշաններու, մրցանակներու եւ մեծարումներու, այլեւ` ՄքԿիլ համալսարանի «Պատուոյ փրոֆեսէօր» տիտղոսին:

Վազգէն Տէր Գալուստեան ՀՅԴ շարքերը մտած է 18 տարեկան հասակին ու ամբողջ կեանքը եղած է անոր նուիրեալ զինուորեալը: Եղած է բազմիցս անդամ, այլ նաեւ ատենապետ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան, ինչպէս նաեւ անդամ` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Կեդրոնական վարչութեան:

Ազգային գետնի վրայ ալ արժանացած է Համազգայինի շքանշանին` 2008-ին եւ կաթողիկոսութեան «Կիլիկիոյ իշխան» շքանշանին` 2010-ին:

Ան մահացաւ Մոնրէալ, 2024 սեպտեմբեր 4-ին:

(Առաւելաբար քաղուած` բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանի «Բժիշկին Է. խօսքը» հատորէն)

The post Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան խօսքը` կարդացուած Վրէժ-Արմէն Արթինեանի կողմէ` բժ. Վազգէն Տէր Գալուստեանի տան կարգին, Մոնրէալի Սուրբ Յակոբ առաջնորդանիստ մայր եկեղեցւոյ մէջ, 2024 Սեպտեմբեր 15-ին first appeared on Hamazkayin.

Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Թամար Տօնապետեան կը փոխանցէ Կեդրոնական Վարչութեան խօսքը՝ Սուրէն Սարգիսեանի յուղարկաւորութեան առիթով
Սիրելի Սարգիսեան ընտանիք, յարգելի սգակիրներ.

Համազգայինի մեծ ընտանիքը մղոններ անդին Լիբանանի մէջ, ժամեր առաջ հողին յանձնեց այլ նուիրեալ ընկերոջ մը՝ միութեանս Կեդրոնական Վարչութեան նախկին անդամներէն Անդրանիկ Մսըրլեանի անշնչացած մարմինը։

Այսօր, Թորոնթոյի մէջ հրաժեշտ կու տանք համազգայնական մեր աւագ ընկերոջ, հաւատաւոր հայուն, մեծ բարերարին եւ ազնիւ մարդուն` ընկ. Սուրէն Սարգիսեանի, որուն խոհեմ ու զուսպ արտայայտութիւնները մեծապէս տպաւորած են զիս։

Խոհուն եւ հեռատես էր իր միտքերուն մէջ, համեստ ու լուսադէմ՝ իր յարաբերութիւններուն մէջ։

Երբ պահ մը մտածենք Սուրէն Սարգիսեանի անձին եւ միութենականի կերպարին մասին Թումանեանի «Թմկաբերդի առումը» բանաստեղծութենէն հետեւեալ տողերը կը հնչեն մեր ականջին՝ «Գործն է անմահ լաւ իմացէք որ խօսւում է դարէ դար, երնէկ նրան որ իր գործով կ՚ապրի յաւերժ անդադար»։

Գործին հաւատացողն էր ընկ. Սուրէն. եւ իր վաստակը այդ ցոյց կու տայ։

Սուրէն Սարգիսեան եղած է Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ 2006-2014 թուականներուն, 8 տարի շարունակ։

Համազգայինի Հայագիտական Բարձրագոյն Հիմնարկին ի նպաստ՝ Սարգիսեան եղբայրները իրենց ծնողներուն յիշատակին հաստատած են «Մկրտիչ եւ Ազնիւ  Սարգիսեան» հիմնադրամը։

Համազգայինի Մարսիլիոյ Ճեմարանի շինութեան հանգանակիչ մարմնի ատենապետ եւ հիմնադիր անդամ եղած էր հանգուցեալ ընկեր Սուրէնը։

Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի համակարգիչներու սրահը հիմնուած է տէր եւ տիկին Սուրէն եւ Սոնիա Սարգիսեանի բարերարութեամբ։

Շօշափելի ներդրում ունեցաւ Համազգայինի հրատարակչական աշխատանքներուն եւ Լիւսի Թիւթիւնճեան ցուցասրահի աշխոյժ գործունէութեան մէջ։

Լիովին համոզուած ըլլալով եւ էապէս հաւատալով Համազգայինի Ուսանողական Հաւաքի (ֆորումի) նպատակին կարեւորութեան, ան հետեւողական կերպով իր ներդրումը ունեցաւ, տարիներ շարունակ սատարելով Հաւաքին յաջողութեան։ Մեր ընկերները կը վկայեն, որ Համազգայինի առաքելութեան համահունչ նոր ծրագիրներու իրագործման համար հանգուցեալ ընկեր Սուրէն միշտ պատրաստ էր իր ներուժը դնելու։

Համազգայինի ծրագիրներուն ջատագովն էր եւ իր անվերապահ նիւթական եւ բարոյական աջակցութիւնը ցուցաբերած էր, հաւատալով հայկական մշակոյթին եւ կրթութեան կարեւորութեան՝ յատկապէս նորահաս սերունդին դաստիարակութեան մէջ։

Ան հաւատաց Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային միութեան առաքելութեան եւ անոր կարեւորութեան։ Իր բազմաթիւ իշխանական եւ ինքնաբուխ նուիրատուութիւններով սատար հանդիսացաւ հայ կրթութեան եւ մշակոյթին փոխանցման եւ տարածման: 2019 Փետրուարին ընկ. Սուրէն Սարգիսեան արժանացաւ Համազգայինի շքանշանին։

Մեր աւագ ընկերը այսօր խաղաղ կը ննջէ, վստահ՝ որ իր աշխատանքը պիտի շարունակուի,  իր հարթած ուղիէն պիտի անցնին նոր սերունդներ, որոնք իրենց կարգին պիտի կատարեն նոր իրագործումներ եւ ճամբայ հարթեն յաջորդներուն, ի շահ հայկական մշակոյթի ծաղկումին։

Յիշատակդ անթառամ պիտի մնայ ընկեր Սուրէն. վարձքդ կատար, յարգա՜նք քու վաստակիդ։

Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան անունով մեր խորազգաց ցաւակցութիւնը կը յայտնենք տիկին Սոնիային, զաւակներուն եւ համայն Սարգիսեան գերդաստանին։

The post Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Թամար Տօնապետեան կը փոխանցէ Կեդրոնական Վարչութեան խօսքը՝ Սուրէն Սարգիսեանի յուղարկաւորութեան առիթով first appeared on Hamazkayin.

Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեանի դամբանական խօսքը՝ Անդրանիկ Մսըրլեանի յուղարկաւորութեան առիթով
Սիրելի՛ ընկեր Անդրանիկ,

Մենք դեռ չէինք սթափած ու հողին չէինք յանձնած համազգայնական մեր երէց ընկերներէն` Սուրէն Սարգիսեանին անշնչացած մարմինը, երբ, ահա, դուն ալ դարձար յաւերժի ճամբորդ:

Այժմ հաւաքուած ենք դագաղիդ շուրջ ու զարմանքով կը մտմտանք, թէ  բազմաբեղուն բովանդակ կեանքիդ մէջ ինչպէ՞ս հասցուցիր այսքան աւանդ ունենալ, այսքան սիրուած ու յարգուած ըլլալ ու մանաւանդ` այդպիսին մնալ: Ինչպէ՞ս հասցուցիր այսքան մարզերու մէջ մնայուն ու արգասաբեր գործունէութիւն ծաւալել ու նկատառելի արդիւնքի հասնիլ:

Դաշնակցականի  կազմակերպական հեւքոտ կեանքիդ , ապա նաեւ, քաղաքապետի վազքիդ առընթեր, եղար հաւատաւոր ու ժրաջան համազգայնական: Առաջատար դերակատարութիւն ունեցար լիբանանահայ համայնքի ընկերային ու կազմակերպական կեանքին մէջ: Արմատներուն մօտ եղար ԱՖԷՏ-ին, ԱՖՀԻԼ-ին, ԼՕԽ-ի «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին ու լիբանանեան քաղաքացիական կռիւներու թոհուբոհին` դուրս չելար ԼՕԽ-ի կեդրոնէն, հասնելով ամէն վիրաւորի ու կարիքաւորի: Անտարբեր չմնացիր Արցախեան շարժման ու անոր կարիքներուն նկատմամբ եւ մաս կազմեցիր Արցախի բարօրութեան ու զարգացման միտող լիբանանահայ ԱՌԻ կազմակերպութեան: Բծախնդրօրէն հետեւեցար ԱՐԻՆ կեդրոնի շինարարութեան ու միշտ եղար հո՛ն, ուր պարտականութիւնն ու ծառայութիւնը կանչեցին քեզ:

Այս բոլորին մէջ առանցքային տեղ վերապահեցիր համազգայնականի գործունէութեանդ: 95-ամեայ Համազգայինի շուրջ կէս դարու պատմութեան մաս կազմեցիր: Այդ տարիներուն բազմաթիւ ու բազմապիսի նախաձեռնութիւններ ընդելուզուած են նաեւ քո՛ւ կեանքիդ հետ: Կազմակերպական աշխատանքներէ մինչեւ  պետական մարմիններու  հետ յարաբերական ոլորտներ,  բարգաւաճման ծրագիրներէ մինչեւ միութեան տնտեսական գործառնութիւն` նաեւ քու կնիքդ կը կրեն:

Կրտսեր հիմնադիրներէն մէկը եղար Համազգայինի Պուրճ Համուտի «Սիմոն Վրացեան» մասնաճիւղին ու, ընկերներուդ վկայութեամբ` անոր ամէնէն գործունեայ անդամներէն մէկը: Աւելի ուշ, համազգայնականի ծառայութիւնդ երկար տարիներ շարունակեցիր Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային իրերայաջորդ վարչութեանց ու հուսկ ապա, տասներկու տարիներ, անոր գերագոյն մարմնին` Կեդրոնական վարչութեան իբրեւ անդամ:

Համազգայինի մէջ երկար տարիներ ծառայեցիր «Վահէ Սէթեան» տպարանի եւ հրատարակչատան խնամակալ մարմնի իբրեւ ատենապետ:

Մնայուն ու ակնառու ներկայութիւն եղար լիբանանահայ գաղութի ձեռնարկներուն, մշակութային ելոյթներուն` յատկապէս: Սիրեցի՛ր մեր գեղարուեստի մանկական, պատանեկան թէ երիտասարդական խումբերը անխտիր, ու որպէս քաղաքապետ թէ համազգայնական, ո՛չ միայն  չբացակայեցար անոնց ելոյթներէն, այլ նաեւ, սատարեցիր անոնց յաջողութեան:

Այս բոլորը կատարեցիր լուռ, զուսպ, համեստ, պարկեշտ ու ծառայասէր նկարագիրով: Լռակեացութիւնը յատուկ արժանիք եղաւ քեզի համար: Գիտցար քիչ ու կշռադատուած խօսիլ: Սակայն չխօսկան բնաւորութիւնդ ու լռութիւնդ շատ աւելի խօսուն ու հեղինակաւոր եղան:

Եղար ԳՈՐԾԻ մարդ: Ապրեցար հեզ, խաղաղ ու հաշտարար` ցուցամոլ փառասիրութիւններէ զերծ ու հեռու: Տագնապներդ, հարենակարօտ բոլոր հոգիներու տագնապներուն նման, եղան ընդհանրական ու համայնական: Ապրեցար կեանք մը, ուր ամբողջութեամբ հայութիւն ու հայկականութիւն կը բաբախէր: Սփիւռքահայու օրինակելի տիպար մը եղար ու այդպիսին կը մնաս մեր բոլորին յիշողութեան մէջ: Շատերու կեանքին պէս անհայրենիք` բովանդակ կեանքդ ապրեցար ու կռուեցար ազգային արժէքներու պահպանման համար: Այժմ, երբ կ՛անցնիս յաւիտենականութեան, բանաստեղծին այս բառերը որք՛ան կը պատշաճին քեզի. «Կռուէ՛ նաեւ մահէդ ետք, հողիդ համար կորուսեալ, ու հողին դէմ այս օտար»:

Խաղաղ հանգչի հոգիդ, սիրելի՛ ընկեր: Կը բաժնուիս մեզմէ, սակայն վաստակդ նաեւ անոր համար է, որ երկրաւոր աշխարհէն մեկնած ամէն վաստակաւորի յիշատակի առկայծումին հետ, յիշատակդ ալ  պայծառանայ ամէն անգամ, երբ երկրագունդի այս կամ այն ափէն, մեր աշխարհատարած կառոյցի միաւորի մը կրթական թէ մշակութային իրագործում մը արձագանգէ:

Հիւանդութիւնդ ինքզինք պարտադրելու սկսած էր, երբ կը պատրաստուէինք մեկնարկը ազդարարել Համազգայինի հիմնադրութեան 95-ամեակին: Այս առիթով, վաստակաւոր համազգայնականներ պիտի պարգեւատրուէին մեր մէկ ու միակ շքանշանով: Անոնց մէջ անվերապահօրէն դուն ալ պիտի ըլլայիր: Գիտնալով հանդերձ, որ մեզի համար դժուար պիտի ըլլայ քեզ համոզել շքանշան ստանալ, խումբ մը համազգայնականներով այցելեցինք քեզի: Մեզի համար ո՛չ թէ դժուար, այլ` անկարելի եղաւ համոզել քեզ: Վաստակեալ միւս ընկերներուդ պէս, դուն ալ մերժելով մերժեցիր պարգեւատրուիլ` պատճառաբանելով, որ քու նուիրումդ` Համազգայինին ու հայութեան նկատմամբ, անշահախնդիր է ու շքանշան չ՛ընդունիր: Այդ մէկը լաւ գիտէինք: Սակայն շուրջդ հաւաքուած ու քեզ համոզել փորձող ընկերներով գիտէինք նաեւ, որ խորքին մէջ քեզի տրուող այդ շքանշանը ո՛չ թէ քեզի համար պիտանի էր, այլ իբրեւ օրինակ` նորահաս սերունդին: Անդրդրուելի մնացիր: Հիմա, երբ շուտով ֆիզիքապէս պիտի բաժնուինք իրարմէ, կենդանութեանդ գիտցած ըլլալով, որ պիտի չընդունէիր որեւէ շքադրում`  յետ մահու ալ չենք կրնար շքադրել քեզ: Սակայն, այժմ, սիրելի՛ ընկեր Անդրանիկ, յուղարկաւորութենէդ առաջ, կրկին անգամ խոնարհելով դագաղիդ առջեւ, խոր ակնածանքով լի արցունքախառն ժպիտով մը կ՛ընդգծենք պարզ ու զուարթ տրամաբանութիւն մը, որ ի նպաստ մեզի կ՛ըսէ` ընկե՛ր Անդօ, եթէ շքանշանը մերժեր ես, ուրեմն, արժանացե՛ր ես, որ մերժեր ես…

The post Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեանի դամբանական խօսքը՝ Անդրանիկ Մսըրլեանի յուղարկաւորութեան առիթով first appeared on Hamazkayin.

Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեանի խօսքը՝ Համազգայինի 95-ամեակի անդրանիկ հանդիսութեան առիթով
Համազգային Հայ Կրթական ու Մշակութային Միութեան հիմնադրութեան յոբելենական այս հանդիսութիւնը կատարեցինք հայութեան համար ամենէն դժնդակ ու օրհասական օրերուն։

Շրջափակման մէջ է հայրենի Արցախը։ Տակաւին չենք թօթափած մարդկային ու հողային ահաւոր կորուստներուն տագնապը։ Հայրենի բնակչութեան նկատառելի մաս մը անտարբեր է արցախահայութեան ճակատագրին նկատմամբ։ Քաղաքատնտեսական ահռելի տագնապի մէջ է սփիւռքի կարեւորագոյն գաղութներէն՝ լիբանանահայութիւնը։ Նոյնպիսի կացութեան մէջ է մայր գաղութը՝ հալէպահայութիւնը, որ այժմ կը կրէ նաեւ աղետալի երկրաշարժին պատճառած տառապանքը։ Տնտեսական դժուարութիւններ, բայց մանաւանդ, իւրաքանչիւր սերնդափոխութեան հետ, ազգային արժեհամակարգէ հեռանալու եւ ուծանալու վտանգը առաւել կամ նուազ չափով կը դիմագրաւեն սփիւռքահայ գրեթէ բոլոր գաղութները։ Հայախօսութիւնը աղետալի անկումի մէջ է։

Ահա այս մարտահրաւէրներու գիտակցումով է, որ Համազգայինը այսօր Լիբանանի մէջ կը սկսի իր  հիմնադրութեան 95-ամեակի համագաղութային հանդիսութիւններու շարքին։

Բայց միթէ պայմանները աւելի՞ ձեռնատու եղած են 95 տարիներ առաջ, երբ մեր լուսամիտ հիմնադիրները, հայոց ցեղասպանութենէն ընդամէնը 13 տարիներ ետք, երբ տակաւին չէր իսկ ձեւաւորուած կազմակերպ սփիւռքը, Համազգայինի հիմնադրմամբ, մտայղացան ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայութիւնը ի մի հաւաքել հայ դպրութեան ու մտքի արգասիք՝ հայ մշակոյթին շուրջ։

Միթէ աւելի՞ ձեռնհաս մարդիկ կային ամենուրէք, ուր, «օտար-ամայի ճամբէքի վրայ», Համազգայինի նոր կառոյց կը հիմնուէր գրեթէ ամէն տեղ, ուր կեանքի պայմաններու բերումով բուռ մը հայութիւն համախմբուէր։

Եւ վերջապէս, օրինակ բերելով Համազգայինի Լիբանանի կառոյցի կեանքէն, միթէ աւելի՞ խաղաղ ու տնտեսապէս բարւոք էր լիբանանեան հայրենիքին քաղաքատնտեսական կացութիւնը, երբ Լիբանանի քաղաքացիական կռիւներուն առընթեր, օրուան վարչական պատասխանատուները մտայղացան ու կազմակերպական կուռ աշխատանքով ու օրինակելի նուիրաբերումով հիմնադրեցին ու քար առ քար կառուցեցին Համազգայինի Լեւոն Շանթ եւ ապա՝ Նիկոլ Աղբալեան մշակութային կեդրոնները, որոնց մէջ կեանք հաստատած կրթական կառոյցներուն  ու գեղարուեստական խումբերուն ելոյթները կը վայելենք այսօր այստեղ, վաղն ամենուրէք։

Համազգայինը կեանք է ու կենսակերպ։ Համազգայինը հայահաւաք կազմակերպութիւն է, այլ խօսքով՝ կազմակերպուած հաւաքականութիւն, որուն շուրջ կը հաւաքուին բոլոր անոնք, որոնք որոշած են հայօրէն ապրիլ այս կեանքը։ Հայօրէն ապրիլ կը նշանակէ համախմբուիլ հայ մշակութային արժէքներուն շուրջ, սերտել եւ իւրացնել զանոնք ու անոնց մտերմութեան մէջ շարունակել ո՛չ միայն ապրիլ, այլեւ՝ ապրեցնել։

Համազգայինը առաքելութիւն է։ Անոր առաքեալներն են բոլոր անոնք, որոնք կը դաւանին հայոց ազգային մշակոյթի արժէքներուն ու ջանք ու քրտինք չեն խնայեր, կազմակերպական զանազան կառոյցներու մէջ բեղուն գործունէութիւն ծաւալելու։

Համազգայինը նուիրաբերութիւն է։ Անոր նուիրաբերողնեը գիտակից ու ձեռնհաս հայ մեծահարուստներն են, որոնք խորապէս կը գիտակցին Համազգայինի հայապահպան ու մշակութատարած  առաքելութեան ու անվերապահօրէն կը վստահին անոր։ Համազգայինի նուիրաբերողներները նաեւ մենք բոլորս ենք եւ մեր հաւաքական նուիրաբերութիւնը նոյնպէս մեծ դերակատար է Համազգայինի ծրագիրներու յաջողութեան մէջ։

Համազգայինը յանձնառութիւն է։ Անոր յանձնառուներն են բոլոր անոնք, որոնք կը ծառանան քիչ առաջ նշուած բոլոր դժուարութիւններուն դէմ ու հիմնադիր սերունդէն իսկ կտակուած տոկուն կամքով ու հաւատքով կը շարունակեն Համազգայնականի իրենց կեանքն ու աշխատանքը։

Եւ վերջապէս, Համազգայինը երիտասարդութիւն է։ Համազգայինի տարբեր երկիրներու՝ տարբեր դպրոցներու, երգչախումբերու, պարախումբերու, թատերախումբերու, նուագախումբերու թէ կերպարուեստի խումբերու մէջ հաւաքուած մեր աննման պատանիներն ու երիտասարդները հիմքը կը կազմեն տարեց, բայց ոչ ծեր այս հոյակապ միութեան, առանց որուն մեր հաւաքական կեանքը վաղուց գունաթափուած ու հաւանօրէն նոյնիսկ ընդհատուած պիտի ըլլար։

Յանուն Համազգային Հայ Կրթական ու Մշակութային Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան, 95-ամեակի յոբելենական անդրանիկ ձեռնակի այս բեմէն կ՝ողջունեմ մեր աշխարհատարած 19 շրջաններու վարչական կառոյցներն ու համազգայնական շարքերը, Արցախէն Հայաստան, Աւստրալիայէն Ամերիկաներ ու Քանատա, Եւրոպայէն Միջին Արեւելք։ Կ՝ողջունեմ Համազգայինի ճեմարաններու թէ այլ հաստատութիւններու տնօրէնները, աշխատակազմերը, ուսուցիչներն ու աշակերտները, մեր գեղարուեստի խումբերու ղեկավարներն ու անդամները եւ կը մաղթեմ  նոր ոգեւորութիւն ու նոր ձեռքբերումներ։

Կը շնորհաւորեմ  նաեւ հայրենի թէ սփիւռքի բոլոր հայորդիները, որոնց սրտերուն ու հոգիներուն մէջ, կեանքի այս կամ այն պահուն, Համազգայինի իրագործած այս կամ այն մշակութային ձեռնարկին ճամբով լուսաւորող մոմ մը վառած ըլլայ։

Այս առիթով կը խոնարհինք բոլոր այն համազգայնականներու յիշատակին առջեւ, որոնք, խոր համոզումով ու նուիրումով համախմբուելով Համազգայինի շուրջ, անոր միջոցով շունչ տուին մեր հաւաքական գոյութեան. իմաստ ու նշանակութիւն՝ մեր կրթական ու մշակութային կեանքին։

Յաճախ կրկնուած ճշմարտութիւն է, որ ամեակները իբրեւ տարիներու ամբողջութիւն, իրենց մէջ ոչինչ ունին նոր։ Անհատներն ու հաւաքականութիւններն են, որոնք նման առիթներով պիտի վերարժեւորեն անցեալը, քննեն ներկայի մարտահրաւէրները, անհրաժեշտութիւններն ու հնարաւորութիւնները եւ ուրուագծեն ապագան։

Այս ճշմարտութիւնը ամբողջապէս ցուցանիշ է նաեւ 95-ամեայ Համազգայինին համար, որպէսզի ամրանայ մեր ազգային կենսակերպը, իրականանայ մեր առաքելութիւնը, ուժական դառնայ մեր նուիրաբերումի ոգին ու գիտակցումը, վերանորոգուի մեր յանձնառութիւնը եւ առաւել երիտասարդանան մեր շարքերը։

Որպէսզի անսասան մնայ Համազգայինի առաքելատիպ հիմնադիրներու տեսլականը ու Հայը շարունակէ կարեւորութիւն ընծայել իր կրթական մակարդակին ու տէրն ու կրողը մնայ իր դարաւոր մշակոյթին։

Զաքար Քէշիշեան

17 Մարտ, 2023

The post Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեանի խօսքը՝ Համազգայինի 95-ամեակի անդրանիկ հանդիսութեան առիթով first appeared on Hamazkayin.

Համազգայինի 95-Ամեակ. Երգչախումբեր Եւ Պարախումբեր
Համազգայինի 95-ամեակին առիթով, ինչպէս նախորդ գրութիւններով լուսարձակի տակ բերինք Համազգային գործունէութեան բազմաբնոյթ աշխատանքները, միութեան աշխատանքային ծիրին ընդհանուր բնութագրումը եւ ամբողջական պատկերը կը կազմուի` յատուկ անդրադարձ կատարելով Համազգայինի պարի եւ երգչախումբի միաւորներու գործունէութեանց:

Սփիւռքահայ մշակութային կեանքին կարեւոր երակներէն եղած են պարախումբերն ու երգչախումբերը: Իւրաքանչիւր գաղութ իր չափով եւ կարողութիւններով յառաջացուցած է պարախումբեր ու երգչախումբեր, որոնք տարիներ շարունակ սերունդներ պատրաստած են, հայ մշակոյթին ու արուեստին հետ սերտ կապեր ունեցած են` գաղութներուն մէջ մշակութային կեանքը կենդանի ու աշխուժ պահելով, երբեմն ալ տարբեր գաղութներու մէջ պարի դպրոցներ հիմնելով:

Սուրիա, Լիբանան, Կիպրոս, Եգիպտոս, Յունաստան, Իրան, Ֆրանսա, Քանատա եւ Ամերիկաներ` Համազգայինի հովանաւորութեամբ գործող վերանշեալ միաւորները ոչ միայն մշակութային աշխատանք տարած են, այլ նաեւ Հայ դատի աշխատանքներուն զօրակցած են` հայ մշակոյթ ու արուեստ տարածելով:

Կարգ մը գաղութներ բախտաւորութիւն ունեցած են երկար տարիներու վրայ թատերախումբ, պարախումբ եւ երգչախումբ ունենալու: Ուրիշներ` կա՛մ մէկը, կա՛մ միւսը:

Փաստօրէն Համազգայինի շուրջ համախմբուած տղաք Բարսեղ Կանաչեանի շունչով մեծցած Գէորգ Գանտահարեանով, Յարութիւն Թոփիկեանով, Երուանդ Երկանեանով, Պարգեւ Թասլաքեանով եւ Գօգօ Ալոզեանով հարիւրաւոր տղաք աշխարհի չորս կողմ տարածուեցան, եւ իւրաքանչիւրը իր կարգին տեղ մը սատարեց հայ մշակոյթի այս մարզի տարածման` հայկական վարժարաններու, եկեղեցիներու դպրաց դասերու, միութեան հովանիին տակ գործող երգչախումբի կամ պարախումբի, ինչպէս նաեւ անհատական բազում նախաձեռնութիւններով:

Տակաւին 90-ական թուականներու վերջաւորութեան մանկապատանեկան երգչախումբերու կազմութիւններն ալ իրենց դերը ունեցան, գլխաւորաբար` Ալեքսան Մնակեանի, Վաչէ Պարսումեանի եւ Զաքար Քէշիշեանի կողմէ յառաջացած:

Պարախումբերու կարգին իր տեղն ու դերը ունեցած «Քնար» պարախումբը հիմնուած է 1956-ին` տէր եւ տիկին տոքթ. Վարդգէս եւ Էկլանթին Աբրահամեաններու գլխաւորութեամբ: Տասնեակ տարիներու ընթացքին պարախումբը ունեցած է տասնեակ պարուսոյցներ եւ իր շուրջ համախմբած է քանի մը տասնեակ տղաք ու աղջիկներ: 1994-ին հիմնուած է «Գայեանէ» պարի դպրոցը, եւ կարելի է ըսել, որ Գարինա Ալեքսանտրեանի, Ֆելիքս Յարութիւնեանի, Յովիկ Խաչիկեանի եւ Կարէն Մակինեանի ճիգերով սերունդներ պատրաստուած են, կերտուած են այնպիսի սերունդներ, որոնք իրենց կարգին, իբրեւ մարդուժ, հասած ու գործած են բոլոր գաղութներուն մէջ:

Համազգայինի երգչախումբերն ու պարախումբերը Հայաստանի անկախութենէն ետք մնայուն ներկայութիւն եղած են «Մէկ ազգ, մէկ մշակոյթ» փառատօներուն, ինչպէս նաեւ Յունաստանի, Կիպրոսի, Յորդանանի, Եգիպտոսի եւ Ֆրանսայի մէջ տարբեր փառատօներու իրենց մասնակցութիւնը բերած են:

Փաստօրէն Համազգայինի համար, իբրեւ աշխատանքի կարեւոր մարզ, երգչախումբերն ու պարախումբերը ազդեցիկ դեր ունեցած են եւ կը շարունակեն ունենալ գաղութներու դիմագիծի իմաստով:

Հակառակ դժուար պայմաններուն` տնտեսական, քաղաքական, համաճարակի եւ մարդուժի, տակաւին Համազգայինը կը փորձէ պահել ու պահպանել վերոնշեալ երկու մարզերը:

Յաջորդը` Համազգայինի մարտահրաւէրները:

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ

The post Համազգայինի 95-Ամեակ. Երգչախումբեր Եւ Պարախումբեր first appeared on Hamazkayin.

Համազգայինի 95-Ամեակ. Թատերական Կեանք
Համազգային հայ մշակութային եւ կրթական միութեան աշխատանքներուն անդրադառնալով` կարելի չէ զանց առնել թատերական կեանքի ներդրումը` միութեան գործունէութեան ճամբով հայկական իրականութեան մէջ:

Համազգայինը իր հիմնադիրներէն Գասպար Իփէկեանէն մինչեւ Ժորժ Սարգիսեան, Վարուժան Խտըշեանէն, մինչեւ Սօս Սարգսեան, անցնելով տոքթ. Բաբգէն Փափազեանէն, Զոհրապ Եագուպեանէն, Վիգէն Ստեփանեանէն, Դաւիթ Յակոբեանէն, Ռոպերթ Առաքելեանէն եւ հասնելով մինչեւ Յակոբ Տէր Ղուկասեան, սփիւռքի  թատերական կեանքին իր մեծ ներդրումը ունեցած է թէ՛ թատերախաղերու ցանկերով, թէ՛ տարբեր սերունդներու դերասաններով, թէ՛ շրջապտոյտներով եւ թէ՛ Հայաստանի հետ կապ ստեղծելով:

«Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը փառքի տարիներ կերտած է 60-ական թուականներու վերջերէն մինչեւ 80-ական թուականները: Մեծ թատերախաղեր բեմադրելու յանդգնութիւն ունեցած է տեղական համեստ, ոչ մասնագիտական ուժերով:

«Հին աստուածներ», «Ինկած բերդի իշխանուհին», Շանթի այլ գործերը, Մուշեղ Իշխանի եւ ուրիշ անուանի հեղինակներու գործերը փորձած է լաւագոյն ձեւով ներկայացնել հանրութեան` անշուշտ յատուկ դրոշմ ձգելով մեր թատերական կեանքին մէջ:

Հանրային դպրոց ըլլալու սկզբունքով աշխատած է Համազգայինի թատրոնը եւ Լիբանանէն ծայր առած է` հասնելով սփիւռքի զանազան գաղութներ` Ֆրանսայէն մինչեւ Արժանթին, Լոս Անճելըսէն մինչեւ Մոնրէալ, Սուրիա, Կիպրոս, Եգիպտոս, Յունաստան, Նիւ Եորք, Թորոնթօ եւ Իրան: Թատերական կեանքին նեցուկ կանգնելու, զայն մնայուն կերպով քաջալերելու միութեան որոշումը մեծապէս նպաստած է թատերական կեանքի զարգացման եւ թատերասէր հանրութեան ստեղծման:

Հայաստանի անկախութենէն ետք` 1994-ին, շնորհիւ Սօս Սարգսեանի ջանքերուն, հիմը դրուեցաւ նաեւ Հայաստանի մէջ Համազգային թատրոնին, որ քանի մը տարի ետք վերածուեցաւ Համազգայինի պետական թատրոնի: Անցնող տասնամեակներուն Սօս Սարգսեանին ստեղծած աւանդը, լրջութիւնն ու ծանրութիւնը կը շարունակեն այսօրուան թատրոնի տղաքը եւ, տակաւին, կրնանք ըսել, որ Հայաստանի թատերական կեանքին մէջ Համազգայինի թատրոնը իր իւրայատուկ տեղն ու կշիռը ունի:

Համազգայինի 95 տարիներու գործունէութեան մէջ բացայայտ փաստ է, որ մշակութային զանազան մարզերու մէջ իր ներդրումը բերած համագաղութային այս կառոյցին համար թատրոնը ունեցած է եւ մինչեւ օրս ունի առանձին տեղ: Այսինքն թատրոնի հանդէպ սէրն ու հաւատքը մեծապէս ազդած են սերունդներուն վրայ:

Այսօր, սփիւռքի զանազան գաղութներուն մէջ, ինչպէս` ակումբը, եկեղեցին, դպրոցը եւ այլ մարզեր, թատրոնը յատուկ հետաքրքրութիւն կը վայելէ եւ անոր հանդէպ սէրն ու գուրգուրանքը Համազգայինի առաքելութիւններէն մէկն է:

Յաջորդը` Համազգայինի երգչախումբեր եւ պարախումբեր:

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ

The post Համազգայինի 95-Ամեակ. Թատերական Կեանք first appeared on Hamazkayin.

Համազգայինի 95-Ամեակ. Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) Եւ Երիտասարդական Նախաձեռնութիւններ
Համազգայինի յաջորդական պատգամաւորական ժողովները յատուկ օրակարգի նիւթ ունեցած են մշակոյթ-երիտասարդութիւն կապի հզօրացման ու նոր նախաձեռնութիւններով երիտասարդութիւնը ներգրաւելու եւ Համազգայինի շարքերը հարստացնելու մտահոգութիւնները:

95-ամեակի այս յօդուածաշարքին մէջ կարելի չէ յատուկ բաժին մը չտրամադրել երիտասարդական նախաձեռնութիւններուն, մանաւանդ` յատուկ կերպով չմատնանշել Ուսանողական հաւաքի (ֆորումի) հետեւողական աշխատանքը:

Համազգայինի Ուսանողական-մշակութային հաւաքը (ֆորում) ծնունդ առաւ 1994-ին, Համազգայինի Բ. Ընդհանուր ժողովին` հիմնական նպատակ ունենալով աշխարհի չորս ծագերէն հայ համալսարանականները հաւաքել տարին անգամ մը հայկական մթնոլորտի մէջ, անոնց հրամցնել հայութեան անցեալն ու ներկան, մշակութային արժէքներուն ծանօթացնել, հայ մտաւորականներուն հետ քննարկումներ կազմակերպել` ազգային, մշակութային եւ ընկերային տարբեր հարցերու ու դժուարութիւններուն մասին:

Սկզբնական փուլին հաւաքները կայացան Պէյրութի Ճեմարանի յարկին տակ, հետագային անոնց համախմբման վայրերը դարձան Հայաստանն ու Արցախը: Մինչեւ օրս տարեկան միջին հաշուով երեսուն ուսանողներ կը հանդիպին, եւ աշխատանքը կազմակերպուած ձեւով կը շարունակուի: Ֆորումի ճամբով իրարու ծանօթացած, շուրջ 15 օրեր իրարու հետ ապրած երիտասարդներուն միջեւ անքակտելի կապ մը կը հաստատուի եւ տարբեր սերունդներ աւելի եւս կ՛առնչուին հայկականութեան եւ ազգային արժէքներուն:

Համազգայինի Artlinks երիտասարդական ցանցի հաւաքները կը միացնեն Հիւսիսային Ամերիկայի հայկական մշակոյթով հետաքրքրուած երիտասարդները: Artlink ցանցի աշխատանոցներուն ընթացքին երիտասարդները հանդիպում-զրոյցներ կ՛ունենան համբաւաւոր հայ արուեստագէտներու հետ, ինչպէս նաեւ մշակութային արժէքներու մասին զեկուցումներ կը տրուին, ու տարբեր աշխատանքներ կ՛իրականանան:

Համազգայինի Եւրոպայի ուսանողական հաւաքը երրորդն է երիտասարդներուն ու ուսանողներուն հասցէագրուած նախաձեռնութիւններուն մէջ: Անիկա կը համախմբէ վերոյիշեալ երկու նախաձեռնութիւններուն նպատակները: Այսինքն տարին անգամ մը իրարու քով կը բերէ երիտասարդ ուսանողներ` անոնց հայկական ինքնութիւնը ամրապնդելու եւ մշակոյթին ու ազգային արժէքներուն աւելի եւս իրազեկ դարձնելու նպատակով:

Վերոնշեալ աշխատանքներուն կողքին,  երիտասարդութեան լայն շրջանակի մը հասնելու հեռանկարով, 2019-ին կը հաստատուի եւ կը մեկնարկէ «h-pem.com» հայկական մշակութային առցանց բեմը, որուն գլխաւոր լեզուն անգլերէն է: Բեմին առաքելութիւնն է հասնիլ բոլորին, մասնաւորաբար` հայ երիտասարդութեան եւ զանոնք արդիական ու ստեղծագործական միջոցներով հաղորդակից դարձնել հայ մշակոյթին եւ հայրենիքին:

Համազգայինի 7-րդ Ընդհանուր ժողովի որոշումով (2014) ընդգծուեցաւ անհրաժեշտութիւնը նման նախաձեռնութեան մը, որուն գործնական աշխատանքները սկսան 2019-ին: Բեմին հիմնական նպատակներէն մէկն է հայ մշակոյթի հայաստանեան եւ սփիւռքեան արտայայտութիւնները մատչելի դարձնել հանրութեան, բեմին վրայ իրականացնել մշակութային գործակցութիւններ եւ կատարել հայկական մշակութային ձեռնարկներ, նաեւ` հայ սերունդները հաղորդակից դարձնել իրենց մշակութային ժառանգութեան:

Համազգայինի 95-ամեակին առիթով պէտք է ընդգծել, որ յաջորդական կեդրոնական վարչութիւնները անցնող տասնամեակներուն տարբեր տեսակի նախաձեռնութիւններով փորձած են երիտասարդական համախմբումներով աշխատանքային նոր դաշտեր ձեւաւորել եւ հորիզոններ բանալ:

Պէտք է յիշել նաեւ, որ անցնող 95 տարիներուն Համազգայինի թատերախումբերը, երգչախումբերը, պարախումբերը հազարաւոր երիտասարդներ համախմբեցին` տարբեր բնագաւառներու մէջ անոնց մասնակցութիւնը ապահովելով:

Յաջորդը` Համազգայինի թատերական կեանք:

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ

The post Համազգայինի 95-Ամեակ. Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) Եւ Երիտասարդական Նախաձեռնութիւններ first appeared on Hamazkayin.

Համազգայինի 95-Ամեակ. Հայաստանի Եւ Արցախի Գրասենեակներ
Համազգայինի 95-ամեակին առիթով պէտք է յատուկ ձեւով լուսարձակի տակ առնել նաեւ Համազգայինի Հայաստանի գրասենեակին գործունէութիւնը:

Գրասենեակը հիմնուած է 1991-ին: Համազգայինը` իբրեւ միութիւն, այդ ոճով գործունէութիւն ծաւալած է Հայաստանի մէջ: Միութիւնը սկսած է աշխատիլ իր գրասենեակին ճամբով: Սկզբնական շրջանին անոր անդամակցած են Ռազմիկ Դաւոյեան, Սօս Սարգսեան, Ռուբէն Յովսէփեան, Սարգիս Մուրատեան, Վահագն Ստամպուլեան, Երուանդ Երկանեան, Ֆելիքս Մելոյեան եւ ուրիշներ:

Մինչեւ 2007 Համազգայինը գործած է իբրեւ հասարակական կազմակերպութիւն: 2007-ին վերագրանցուած է իբրեւ Համազգայինի հիմնադրամ` հոգաբարձու խորհուրդի հինգ անդամ ունենալով Լիլիթ Գալստեանը, Էդուարդ Մսըրլեանը, Մկրտիչ Մկրտիչեանը, Սիմոն Հասըրճեանը եւ Սպարտակ Ղարաբաղցեանը:

Գրասենեակը անցնող տարիներուն եղած է գործունեայ: Աշխատած է զանազան մարզերու մէջ, կրթական, գեղարուեստական, հրատարակչական, կերպարուեստի եւ զանազան փառատօներու կազմակերպման աշխատանքներուն մէջ իր դերակատարութիւնը ունեցած է:

Համազգայինի Հայաստանի գրասենեակը հետեւողական ձեւով կազմակերպած իր գիտաժողովներով, ակմբային հաւաքներով, հանդիպում-դասախօսութիւններով, գիրքերու քննարկումներով եւ շնորհահանդէսներով նոր վարկ եւ հեղինակութիւն վաստկած է Հայաստանի մէջ:

2002-էն ի վեր կազմակերպուող երիտասարդական հաւաքները` ֆորումները, «Մէկ ազգ, մէկ մշակոյթ» փառատօներուն սփիւռքի մեր կառոյցներուն հրաւէր ելոյթներու դասաւորումները, արուեստագէտներու, պարուսոյց, դերուսոյց, խմբավար, գեղանկարիչ դասախօսներու գործուղումները իրենց մեծ դերակատարութիւնը ունեցան:

Պէտք է յիշել, որ Սօս Սարգսեանի ճիգերով ունեցանք նաեւ Համազգայինի պետական թատրոն. 1994-ին հիմնադրուած Համազգայինի թատրոնը, որ աւելի ուշ ունեցաւ պետական կարգավիճակ, այսօր կը շարունակէ մնալ արուեստագէտներու եւ թատերասէրներու ուշադրութեան կեդրոնն ու փնտռուած վայրը:

Վերջին տարիներուն Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրական բաժանմունքին հետ կնքուած համաձայնագիրը հայագիտական ուսման ամբողջացման եւ սփիւռքի մէջ մարդուժի պատրաստութեան աշխատանքին կը նպաստէ մեծապէս:

Վերջապէս պէտք է ըսել, որ Համազգայինը ունեցաւ նաեւ Գիւմրիի իր գրասենեակը, որպէսզի` իբրեւ մշակութային կեդրոն եւ մշակոյթով հարուստ քաղաք, կարենայ նոր նախաձեռնութիւններ կազմակերպել:

Արցախի Գրասենեակ

2017-ի յուլիսի Համազգայինի Պատգամաւորական ժողովին որոշումով, Արցախի մէջ ունեցանք Համազգայինի գրասենեակ մը, որուն տնօրէնուհի նշանակուեցաւ Հերմինէ Աւագեանը:

2018-էն սկսեալ Արցախի մէջ կազմակերպուեցան մշակութային զանազան ձեռնարկներ: Արցախ-սփիւռք փոխադարձ գործակցութիւնը թափ ստացաւ, եւ  տարբեր նախաձեռնութիւններ իրականացան: Թատերական, գրական, երաժշտական եւ կերպարուեստի մարզերուն մէջ, Ստեփանակերտի, Մարտունիի, Աստղաշէնի, Գիշի, Բերձորի եւ արցախեան այլ շրջաններու մէջ տեղի ունեցան մշակութային ձեռնարկներ:

2021-ին Երեւանի եւ Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցաւ «Պատերազմի աչքերը» ցուցահանդէսը` նուիրուած Արցախի 44-օրեայ պատերազմին:

Պատերազմի ընթացքին եւ անկէ ետք գրասենեակը Արցախի մանուկներուն զօրակցութեան եւ զանոնք քաջալերելու տարբեր ձեռնարկներ կազմակերպեց:

Վերջապէս, կրնանք հաստատել, որ Հայաստան-սփիւռք մշակութային բազմաբնոյթ աշխատանքներու զարգացման համար Համազգայինի Հայաստանի եւ Արցախի զոյգ գրասենեակները իրենց շնորհակալ աշխատանքը տարին եւ կը շարունակեն տանիլ:

95-ամեակին առիթով կ՛արժէ յիշել եւ յարգել բոլոր նուիրեալները, որոնք անցնող տարիներուն մեծ հաւատքով ու նուիրումով գործեցին Հայաստանի թէ Արցախի գրասենեակներուն ճամբով եւ Հայաստան-սփիւռք-Արցախ ոգեղէն կապի հզօրացման առումով իրենց նպաստը բերին:

Յաջորդը` Ֆորում եւ երիտասարդական նախաձեռնութիւններ:

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ

The post Համազգայինի 95-Ամեակ. Հայաստանի Եւ Արցախի Գրասենեակներ first appeared on Hamazkayin.

Համազգայինի 95-Ամեակ. Հրատարակչատուն-«Բագին»
Համազգայինի 95-ամեակին առիթով յատուկ ձեւով կ՛արժէ լուսարձակի տակ բերել հրատարակչական բաժանմունքը: Ինչպէ՞ս սկսած էր, ո՞ւր է այսօր եւ ի՞նչ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ:

Եթէ պահ մը զանց առնենք սփիւռքահայ կեանքին մէջ Համազգայինի հրատարակչատունէն լոյս տեսած պատմա-յեղափոխական, գրական, մանկապատանեկան հատորներու, դասագիրքերու եւ գրական ու այլ ամսաթերթերու, պարբերաթերթերու հրատարակութիւնները, կը տեսնենք, թէ որքա՜ն ամայութիւն կը ստեղծուի:

Պատմական արագ ակնարկ մը:

1931-ին Ճեմարանի մէջ կը բացուի Համազգայինի տպարանը, որ իբրեւ առաջին հրատարակութիւն` լոյս կ՛ընծայէ Ճեմարանի ծրագիր-կանոնագիրը: 1938-ին առաջին անգամ կը հրատարակուի Ճեմարանի օրացոյցը: Համազգայինի հիմնադիրներէն Նիկոլ Աղբալեան տպարանը կը կոչէ «Յոյս» եւ կը սկսի դասագիրքեր տպել: Ճեմարանին զուգահեռ, տպարանը կը գործէ իր սեփական տնօրինութեամբ: 1944-ին տպարանէն կը սկսի լոյս տեսնել Ճեմարանի Շրջանաւարտից միութեան «Ակօս» հանդէսը: 1946-ին` Լեւոն Շանթի ամբողջական երկերու հրատարակութիւնը:

1947-ին, Նիկոլ Աղբալեանի կտակով, տպարանը կը դառնայ Համազգայինի տպարան:

1953-ին Կեդրոնական վարչութեան պատուոյ նախագահ Վահէ Սէթեանի առաջարկով տպարանը կ՛օժտուի տողաշար մեքենայով եւ որոշ փուլ մը վարձակալութեան կը տրուի Պարգեւ Շիրինեանին:

1965-ին տպարանը կը կոչուի «Վահէ Սէթեան» տպարան եւ Ճեմարանի 3-րդ շէնքին շինութենէն ետք կը փոխադրուի հոն: Հինգ տարի Վահէ Սէթեանի տնօրէնութենէն ետք, Երուանդ Մոնոֆարեան կը ստանձնէ եւ մինչեւ 1975 թուական կը գործէ Ճեմարանի մէջ:

1988-89 տարիներուն կը փոխադրուի «Շաղզոյեան» կեդրոն եւ Պուրճ Համուտի մէկ թաղամասին մէջ կ՛ունենայ գրախանութ: 1998-ին Կեդրոնական վարչութեան որոշումով տնօրէնութիւնը կը ստանձնէ Յակոբ Հաւաթեան:

Իր հիմնադրութենէն մինչեւ օրս Համազգայինի հրատարակութիւններուն մէջ իրենց ներդրումը ունեցած են` Լեւոն Շանթ, Մուշեղ Իշխան, Բենիամին Թաշճեան, տոքթ. Արմենակ Եղիայեան, Յարութիւն Քիւրքճեան, Կարօ Յովհաննէսեան, Յովիկ Պերթիզլեան եւ ուրիշներ: ՀՅԴ-ի նիւթերու հրատարակութիւնը, «Դրօշակ» շաբաթօրեայի, «Բագին»-ի, «Մարզիկ»-ի եւ առհասարակ միութենական հրատարակութիւնները ամբողջութեամբ լոյս աշխարհ եկած են տպարանէն: Գրատարածը մեծ աշխատանք տարած է սփիւռքի զանազան գաղութներու մէջ հայ գիրքը հասանելի դարձնելու աշխատանքին մէջ:

Այսօր, հակառակ առկայ դժուարութիւններուն, ընթերցանութեան նահանջին, հայ գիրի ու գրականութեան հանդէպ անտարբերութեան տակաւին ճիգ չի խնայուիր հրատարակչական մարզը աշխուժ պահելու եւ նոր դասագիրքերու հրատարակութիւններ կազմակերպելու:

«Բագին»

Մինչեւ 1944 թուական «Բագին»-ը կը հրատարակուէր ՀՅԴ Բիւրոյի հովանաւորութեամբ:

Ընթացքին` 1962-1994 «Բագին»-ի խմբագիրները եղած են` Կարօ Սասունի, Եդուարդ Պոյաճեան եւ Պօղոս Սնապեան:

1994-էն ետք, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան հսկողութեամբ, «Բագին»-ը շարունակեց լոյս տեսնել` իր շուրջ համախմբելով միջին եւ երիտասարդ տարիքի մտաւորականներ: Մինչեւ 2004 Պօղոս Սնապեան շարունակեց խմբագիրի իր աշխատանքները, 2004-2015 Յակոբ Պալեան շարունակեց տարեկան 4 թիւ հրատարակել, իսկ 2015-էն մինչեւ օրս Սոնիա Քիլէճեան ստանձնած է` Քանատայէն:

Պէտք է նշել, որ «Բագին» իր հրատարակութեան առաջին օրէն ինքնուրոյն տեղ ունի հայրենի եւ սփիւռքահայ գրականութեան եւ գեղարուեստական վերլուծումներու մէջ: Մանաւանդ Պօղոս Սնապեանի խմբագրութեան օրերուն բացառիկներու հրատարակութիւնները շատ կարեւոր ու արժէքաւոր էին, իւրաքանչիւրը հատորի մը ծանրութիւնը ունի եւ հաւաքուած նիւթերու մեծ մատենագիտութիւն է տուեալ յոբելեանին:

Մէկ խօսքով, այսօրուան մարտահրաւէրներու դիմաց, Համազգայինի 95-ամեակին առիթով, թէ՛ տպարանը իր հրատարակչական ու գրատարածի բաժանմունքներով եւ թէ՛ ալ «Բագին»-ը իր նորարարութեան ձգտող փորձերով պէտք է դիմագրաւեն դժուարութիւնները:

Վարձքը կատա՛ր բոլոր հին ու մինչեւ օրս իրենց գիշերը ցերեկին խառնող նուիրեալներուն:

Վարձքը կատա՛ր հայ գիրքին եւ գրականութեան նկատմամբ հաւատք ունեցող «խենթ»-երուն:

Յաջորդը` Համազգայինի Հայաստանի եւ Արցախի գրասենեակներ:

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ

The post Համազգայինի 95-Ամեակ. Հրատարակչատուն-«Բագին» first appeared on Hamazkayin.