Միջին Արեւելք
Շրջանային Վարչութիւններ

Երկուշաբթի, 12 Դեկտեմբեր 2022-ի երեկոյեան ժամը 5:00-ին մշակոյթի նախարարի պաշտօնակատար դատախազ Մոհամետ Մուրթատա այցելեց Համազգայինի Պուրճ Համուտի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոն, ուր տեղի ունեցաւ «Աբրահամ եւ Վերժին Ղօչախեան» սրահի բացում:
Սրահի մուտքին ժապաւէնի հատումէն ետք Համազգայինի «Քնար» պարախումբը հանդէս եկաւ պարով մը, պարուսոյց եւ գեղարուեստական ղեկավար` Ճենի Գոլոյեան: Ապա Գեղարուեստի դպրոցներու աշակերտ Սելլա Սվաքճեան արաբերէն լեզուով բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ ներկայացուց յայտագիրի ընթացքը: Այնուհետեւ Մոհամետ Մուրթատա շրջեցաւ «Լեւոն Շանթ» կեդրոնին մէջ ու մօտէն ծանօթացաւ բաժանմունքներուն եւ հոն ծաւալած գործունէութեան: Անկէ ետք ներկաները ուղղուեցան «Արմէնեան» սրահ, ուր գործադրուեցաւ պատշաճ յայտագիր մը: