Միջին Արեւելք
Շրջանային Վարչութիւններ

Երկար տասնամեակներէ ետք, լիբանանահայ երաժշտասէր հանրութիւնը Երեքշաբթի, 21 Հոկտեմբեր 2014-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Պուրճ Համուտի «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ վերյիշեց ու ապրեցաւ Լիբանանի նախապատերազմեան 1960-ական ու 1970-ական թուականներու մշակութային քաղցր յիշատակները: Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ միութենական ներկայացուցիչներու ներկայութեան Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպած հանրայայտ երգիչ Լեւոն Գաթրճեանի մեծարանքի երեկոն իւրայատուկ նախընթաց մը եղաւ լիբանանահայ մշակոյթի վերակենդանացման առումով:
Ձեռնարկին բացումը կատարեց Ալին Նաքքաշեան, որ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անունով ողջունեց ներկաները` ներկայացնելով օրուան մեծարեալ արուեստագէտ Լեւոն Գաթրճեանին հակիրճ կենսագրականը: