
Շաբաթ, 27 Սեպտեմբերի երեկոյեան տեղի ունեցաւ Ճեմարանականներու հանդիպումը Տէր եւ Տիկին Տոքթ. Լէօ Գասապեաններուն տունը, ներկայութեամբ 200-է աւելի Ճեմարանականներու:
Երեկոյին բացումը կատարուեցաւ Ճեմարանի քայլերգով, որմէ ետք ներկաները սկսան ընթրիքի: Ժամը 9:30-ին օրուան հանդիսավար Սագօ Պէրպէրեան կատարեց բացման խօսքը շնորհակալութիւն յայտնելով դուրսէն ժամանած Ճեմարանականներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք եկած էին քաջալերելու Ճեմարանը:
Բացման խօսքէն ետք ընթերցուեցաւ Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանէն սոյն երեկոյին առիթով ուղարկուած նամակը, որ կը բովանդակէր այսօրուան Ճեմարանին մասին ընդհանուր տեղեկութիւններ, ապա պաստառի վրայ ցուցադրուեցաւ Ճեմարանի գործադիր տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեանի խօսքը այս առթիւ:
Տնօրէնութեան խօսքի ունկնդրութենէն ետք ներկայացուեցաւ Ճեմարանականներու նոր հասցէագիրքը, որ նուիրուած էր Վարդի Եաղլեանի յիշատակին:
Ձեռնարկի ընթացքին մեծարուեցաւ Տիկին Գարմէն Կարապետեանը:
Պետրոս Ալահայտոյեան պատմեց Գարմէն Տէր Կարապետեանի հետ ունեցած իր մանկութեան յուշերը, որմէ ետք Գարմէնին մասին կարճ զեկուցում մը կարդացուեցաւ, ապա պաստառի վրայ ցուցադրուեցաւ տեսաերիզ մը Գարմէնի ուսուցչական եւ մշակութային գործունէութեան մասին:
Տեսաերիզի ցուցադրութենէն ետք կատարուեցաւ ընթերցում քանի մը յիշատակի նամակներու: Վարանդ Վարդապետեան բանաստեղծութիւն մը ուղղած էր Գարմէնին, Զաւուկ Թորիկեան ուղղած էր նամակ մը, իսկ Լուսին Մալիքեան` իր սրտի խօսքը:
Այս հանդիպումին որոշուեցաւ հիմնել Գարմէն Տէր Կարապետեանի անունով Ֆոնտ մը: Հանդիպումի աւարտին բեմ հրաւիրուեցաւ Գարմէն Տէր Կարապետեան եւ արտասանեց իր սրտի խօսքը: