
Նոր տարուան ու Ս. Ծնունդի առիթով կազմակերպուած «Պէյրութ Չենթս» համերգներու ծիրին մէջ, Շաբաթ, 17 Դեկտեմբեր 2016-ի, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի «ԱՅԳ» երգչախումբի համերգը, մասնակցութեամբ` «Կարկաչ» երգչախումբին, խմբավարութեամբ Զաքար Քէշիշեանի: Համերգին իրենց մասնակցութիւնը բերին` դաշնակի վրայ Լիանա Յարութիւնեան եւ սրինգով Լոռի Պիլալեան: Ուշագրաւ ներկայութիւն էր լիբանանահայ սոփրանօ Շողիկ Թորոսեանը իր թռիչքային ձայնով: Ան մենակատարութեամբ հանդէս եկաւ հետեւեալ երեք երգերով` «Կարկաչ» երգչախումբին հետ` «Լուռ գիշեր», «Աւէ Մարիա» եւ «Փանիս Անժելիքուս»:
Համերգի բացման խօսքը անգլերէնով կատարեց «Պէյրութ Չենթս»-ի հիմնադիր Միշլին Ապի Սամրա: Ան ողջունեց ներկաները եւ բարի վայելում մաղթեց անոնց: Ապա յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց համերգը յաջողութեան հասցնող բարերարներուն եւ եկեղեցւոյ հովիւին: