
Հովանաւորութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, Կիրակի, 22 Մայիսին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի «Էսեմպլի Հոլ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Այգ» երիտասարդական երգչախումբի եւ ժողովրդային գործիքներու նուագախումբի համերգը` ներկայութեամբ պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու, արուեստագէտներու, հոգեւորականներու, երաժշտասէրներու, ծնողներու եւ աշակերտներու:
Երգչախումբի եւ նուագախումբի խմբավարն է Զաքար Քէշիշեան, իսկ խումբերուն դաշնակով կ’ընկերակցէր Սիրվարդ Պոյաճեան-Սապունճեան:
Յայտագիրի առաջին բաժինով ելոյթ ունեցաւ «Այգ» երգչախումբը, որ ներկայացուց Սայաթ Նովայի, Շարլ Ազնաւուրի, Ռուբէն Հախվերդեանի երգերով երգաշարեր, ինչպէս նաեւ Էլվիս Փրեսլիէին երգ մը եւ արաբական ժողովրդային երգեր:
Ապա երգչախումբին միացաւ ժողովրդային գործիքներու նուագախումբը, որուն մաս կը կազմեն Զաքար Քէշիշեան (շուի), Յակոբ Քելուկեան (տուտուկ), Հրակ Փափազեան (տուտուկ), Մարիա Գալֆայեան (քանոն), Սալբի Քէօշկերեան (քանոն), դոկտ. Սեպուհ Այնթապլեան (ձեռնադաշնակ) եւ Արթիւր Քէշիշեան (տհոլ):
Երգչախումբն ու նուագախումբը միասնաբար կատարեցին «Հոյ իմ նազանի եարը», «Կռունկներ», «Եաման եար», «Սարերի հովին մեռնեմ», «Սրտիկ մալուլ մի մնայ», «Եարը մարդուն եարա կու տայ» եւ «Հոյ նար» կտորները: Համերգը փակուեցաւ «Կենաց երգ»ով:
«Այգ» երգչախումբն ու նուագախումբը շուրջ մէկուկէս ժամուան ընթացքին հանդիսատեսներուն ներկայացնելով հայ թէ օտար մշակոյթներէն գոհարներ, ունեցան երաժշտական գնահատելի եւ իւրայատուկ կատարում` ստեղծելով խանդավառ մթնոլորտ: Ներկաներուն բուռն փափաքին ընդառաջելով` «Այգ»ը
անգամ մը եւս երգեց «Հոյ նար»ը: