
Երեքշաբթի 10 Դեկտեմբեր 2019-ի միջօրէին, տեղի ունեցաւ Համազգային Սանահին մասնաճիւղի «Թէյ, սուրճ եւ կարծիքներ» ակումբի կազմակերպած Arsenal թանգարանի այցը`«Imagine Van Gogh» ցուցահանդէսին։
44 գեղարուեստասէրներու հանդիպման վայրն էր «Արմէն Կարօ եւ Շաքէ Կէօնճեան» Կեդրոնը, ուր սուրճի եւ խմորեղէնի շուրջ, բարի գալուստի խօսքը փոխանցեց ակումբի պատասխանատու Տիրուկ Մանճիկեանը, ապա վարչական կազմի անդամ Սեւան Թասլաքեան ամփոփ տեղեկութիւններ փոխանցեց արուեստագէտին կեանքին տարբեր հանգրուաններուն մասին։
Երբ այցելուները մուտք գործեցին ցուցահանդէսի սրահը, անոնք մեծ հիացմունքով ըմբոշխնեցին արուեստագէտին 200-է աւելի գործերը հսկայ պաստառներուն վրայ։ Հսկայ շարժանկարները կենդանացան եւ առիթը ընծայեցին, որ մանրամասնօրէն վայելենք ստեղծագործին ամէն մէկ վրձինի հարուածը, վառ ու ցայտուն գոյները, նիւթն ու խորքը։ Իւրաքանչիւր բնանիւթին հետ ընկերացած էր բծախնդրօրէն ընտրուած յատուկ դասական երաժշտութիւն՝ զգալու ու ապրելու նկարիչին կենսուժը։
Բարձր էին տրամադրութիւնները, հաճելի էր մթնոլորտը, պայծառ օդը, եւ մանաւանդ հանրակառքին մէջի զրոյցները։ Ներկաները լիացած եւ չափազանց խանդավառ վերադարձան իրենց պտոյտէն։ Այս առթիւ, Համազգայինի վարչութիւնը բարձր կը գնահատէ եւ յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնէ ակումբի պատասխանատու Տիրուկ Մանճիկեանին, որ այսպիսի առիթներ կը ստեղծէ ճանչնալու շրջանին մշակութային կեանքը եւ մանաւա՛նդ դուրս գալու համար մեր հեւքոտ առօրեայէն։
«Սանահին» մասնաճիւղի վարչութիւն