
Հինգշաբթի, 12 Մարտ 2015-ի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, հովանաւորութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին, բացումը կատարուեցաւ հայրենի ժողովրդական նկարիչ Անատոլի Գրիգորեանի ցուցահանդէսին:
Ներկայ էին Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեան, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ Եպս. Փանոսեան, նախարար Արթիւր Նազարեան, նախկին երեսփոխաններ, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեան, ազգային եւ պատկան մարմիններու ու միութիւններու ներկայացուցիչներ, հայ եւ օտար արուեստագէտներ եւ արուեստասէր հոծ բազմութիւն մը:
Ցուցասրահին կողմէ բացման խօսքը կատարեց Կրէյս Լոճիքեան, որ ներկայացուց արուեստագէտ Անատոլի Գրիգորեանը եւ անոր ստեղծագործական ճամբան: Ապա խօսք առաւ ցուցասրահի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան, որ նախ եւ առաջ փոխանցեց, թէ այս ձեռնարկը կը վայելէ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքը նախարարին հովանաւորութիւնը, սակայն ժամանակացոյցի փոփոխութեան պատճառով նախարար Յակոբեանի Լիբանան հասնիլը քանի մը ժամով յետաձգուած է եւ դժբախտաբար այսօր ներկայ պիտի չկարենայ գտնուիլ: Հաւաթեան միաժամանակ աւելցուց, որ այս ցուցահանդէսին առիթով, Ուրբաթ կէսօրէ ետք ժամը 2:15-ին, նախարար Հրանուշ Յակոբեան եւ իր գլխաւորած պատուիրակութիւնը պիտի այցելեն Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահ` ողջոյնի խօսքը փոխանցելու այս ցուցահանդէսին առիթով: