
Անգլիոյ Սոֆի իշխանուհին անցեալ շաբաթներուն երկօրեայ այցելութիւն տուաւ Լիբանան` բրիտանացի նախարար Թարեք Ահմատ Լորտ Ուիմպըլտընի հետ, որ Բրիտանիոյ վարչապետին անձնական ներկայացուցիչն է` տագնապալի շրջաններուն մէջ սեռային բռնութեան դէմ պայքարելու եւ տարածելու կրօններու ազատութեան գաղափարը:
Անգլիոյ իշխանուհին Լիբանանի մէջ ունեցաւ աշխատանքային առօրեայ մը, սակայն իր այցելութեան ընթացքին մասնակից դարձաւ Անգլիոյ Էլիզապէթ թագուհիի տարեդարձին նուիրուած ընդունելութեան, որ կազմակերպուած էր Անգլիոյ դեսպանատան կողմէ, եւ որ տեղի ունեցաւ Լիբանանի պետական գրադարանին մէջ: Հոն ցուցադրուած էին այնպիսի նիւթեր, որոնք լուսարձակի տակ կ՛առնէին Լիբանանի եւ Անգլիոյ անցեալի, ներկայի եւ ապագայի յարաբերութիւնները: Ներկայացուած էին նաեւ ձեռագործ աշխատանքներ, որոնք գտնուեցան Սայտայէն եւ բաւական հին էին:
Յատկանշական էր այն, որ թագուհիին տարեդարձին նուիրուած այս հանդիսութեան ընթացքին ելոյթ ունեցան Համազգայինի «Կարկաչ» եւ «Այգ» երգչախումբերը` խմբավարութեամբ Զաքար Քէշիշեանի եւ դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Սիրվարդ Պոյաճեան-Սապունճեանի, որոնք ներկայացուցին Լիբանանի եւ Անգլիոյ քայլերգները:
Իշխանուհին Անգլիոյ թագուհիին անունով խօսք առաւ տարեդարձի ընդունելութեան ընթացքին եւ նշեց, որ Լիբանան յատկանշական դիրք կը գրաւէ` իր այլազանութեամբ, կանգուն մնալու կորովով եւ լայնասրտութեամբ: Ան շեշտեց, որ կը հաւատայ, թէ Լիբանանի եւ Անգլիոյ յարաբերութիւնները զօրաւոր կը մնան ապագային եւ` շատ երկար տարիներ:
Պաշտօնական բաժինի աւարտին իշխանուհին անակնկալօրէն մօտեցաւ Համազգայինի երգչախումբերու անդամներուն եւ նշեց, որ տպաւորուած է անոնց ելոյթէն, զրուցեց անոնց հետ ու հաւաքական նկար մը առին միասին: