
Կազմակերպութեամբ Գէմպրիճի Համազգայինի «ՏԱԹԵՒ» Մասնաճիւղի վարչութեան, Կիրակի, 29 Մայիս 2022-ի յետմիջօրէի ժամը 2:00-ին տեղի ունեցաւ մտերմիկ հաւաք մը Մայիսեան անկախութեան ջերմ մթնոլորտի մէջ, նախօրօք եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ դրօշակի օրհնէք:
Մասնաճիւղի վարչութեան անդամ Տոքթ. Գրիգոր Ճիւելէկեան կատարեց բացման խօսքը, ապա բեմ հրաւիրուեցան երկարամեայ ծառայութիւն ունեցող հետեւեալ ընկերները՝ Կարպիս Հանէշեան, Մարօ Յովհաննէսեան, Հուրի Գասամանեան, որոնք պարգեւատրուեցան յատուկ յուշանուէրով:
Գերապատիւ Հայր Գեղարդ Ծայրագոյն Վարդապետ Գոսպէկեանի ձեռամբ, կեդրոնի Փոստաճեան սրահէն ներս զետեղուեցաւ Համազգայինի հիմնադիրներէն ՆԻԿՈԼ ԱՂԲԱԼԵԱՆԻ որմնանկարը որպէս սերունդներու խթան եւ մղիչ ուժ:
Յաջորդաբար բեմ հրաւիրուեցան խոստումնալից տաղանդաւոր երգեցողութեան ճաշակ ունեցող փայլուն երիտասարդ երիտասարդուհիներ Դալար Սիմինեան, Յարութ Սէփէթճեան, Գարլօ Ահարոնեան, Սագօ Քեսապլեան ընկերակցութեամբ նուագախումբին՝ Համօ Արզումանեանի եւ Յովսէփ Գարամանուկեանի, իսկ Դաշնամուրի վրայ փոքրիկն Կարօ Ճիւելէկեան նուագեց Հայաստանի քայլերգը, խանդավառելով ներկաները: