
Մարտի 19-ին Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Երեւանի գրասենեակի նախասրահին մէջ, կէսօրէ ետք ժամը 1:30-ին տեղի ունեցաւ շնորհահանդէս մը, հանրութեան ներկայացնելու համար «Անթոլոգիա 18-33, Արդի Հայ Արձակ» հատորը, որ նոր հրատարակուած էր, Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան կողմէ, խմբագրութեամբ Լիլիթ Գալստեանի եւ Արքմենիկ Նիկողոսեանի: Այս գիրքը, 13 տարբեր 18-33 տարեկան արդէն հրատարակուած արձակագիրներու գործերը կը խմբէ, որոնք ըստ խմբագիրներու մեր ապագայ արձակի ձեւաւորման ներկայացուցիչներն են: Գիրքը ներկայանալի տեսքով, 264 էջնոց թղթակազմ հատոր մըն է, որուն ներկայացման առաջին քայլն էր այս միջոցառումը: Կազմակերպիչները խոստացան որ անոր պիտի յաջորդեն ըստ էութեան քննարկումներ:
Հանդէսը վարեց Համազգայինի երեւանեան գրեսենեակի վարիչ եւ Ազգային ժողովի պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեանը: Ան իր բացման խօսքին մէջ անդրադարձաւ Համազգայինի նպատակներուն, յիշելով Նիկոլ Աղբալեանը եւ անոր մասնաւոր գուրգուրանքը Եղիշէ Չարենցի հանդէպ: Այս գրքի հրատարակութիւնը ան նկատեց երիտասարդ գրողներու հանդէպ նոյն ուշադրութեան շարունակութիւնը: Ան խոստացաւ շուտով հրատարակել նաեւ նման ծաղկաքաղ մը, երիտասարդ բանաստեղծներու գործերով:
Խօսք առին գրքի խմբագիր Արքմենիկ Նիկողոսեան (որ վաղուան գրականոթեան դիմագիծը անուանեց այս հատորը), Գրողներու Միութեան նախագահ Լեւոն Անանեան (որ այս հատորը նկատեց խոստմնալից եւ տաղանդաւոր գրողներու գոյութեան փաստը), նոյն միութեան քարտուղար Յովհաննէս Գրիգորեան (որ մաղթեց որ միջոցը կը գտնուի այս գիրքը հասցնելու ժողովուրդին, տարածման ցանցի մը բացակայութեան), «Մանուկ Աբեղեան» Գրականութեան ինստիտուտի տնօրէն Աւիկ Իսահակեան, (որ նոր սերունդին վրայ պարտք դրաւ ժողովուրդը վերադարձնելու գրականութեան. այնքան կեղծիք գրի առնուած է, որ ժողովուրդը կորսնցուցած է գրականութեան հանդէպ իր սէրը,- ըսաւ ան), «Դրօշակ»ի խմբագիր Ռուբէն Յովսէփեան (որ բախտաւոր սերունդ անուանեց այս նոր սերունդը եւ յորդորեց անոնց քալել իրենց ժամանակակից գրականագէտներու կարծիքներով)եւ Մարգար Շարապխանեան (որ թելադրեց երիտասարդ գրողներուն ցոլացնել ժողովուրդը իրենց գրականութեան մէջ): Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ խօսք առաւ Եդուարդ Մսըրլեան, որ գնահատեց Լիլիթի Գալստեանի տարած աշխատանքը Համազգայինի ծիրէն ներս եւ խոստացաւ ապագային նեցուկ կանգնիլ նման նախաձեռնութիւններու:
Արտայայտուած խօսքերը, շնորհաւորական եւ գնահատական էին Համազգայինի նախաձեռնութիւններուն մասին ընդհանրապէս եւ այս գրքին մասին մասնաւորապէս: Աւիկ Իսահակեան, յայտարարեց որ գրականութեան ինստիտուտը նախաձեռնած է Լեւոն Շանթի երկերու եօթհատորեայ հրատարակութեան, որուն պիտի յաջորդէ Նիկոլ Աղբալեանի երկերու հինգ հատորեայ հրատարակութիւնը: Ան Լեւոն Շանթի երկերու երրորդ եւ չորրորդ հատորները նուիրեց Համազգայինի գրասենեակին:
ներկայ էին հատորի մէջ ամփոփուած արձակագիրներէն մեծամասնութիւնը, ինչպէս նաեւ հեռատեսիլի զանանզան կայաններու նկարահանողները: Երեկոյեան լրատուամիջոցները անդրադարձան այս նախաձեռնութեան:
Ձեռնարկէն վերջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, որուն ընթացքին ներկաները առիթը ունեցան մտերմաբար խօսելու այս գրքի մասին:
Էլիզ Շարապխանեան
Մարտ, 2009