Հայաստան
5 Մարտ, 2019-ին, «Համազգային»ի Երեւանի գրասենեակը հիւրընկալեց Ուսում հանրակրթական դպրոցի 10-րդ եւ 11-րդ դասարանի աշակերտական խումբ մը եւ անոնց ուսուցիչները: ՀՀ ԳԱԱ Մ. Աբեղեանի անուան գրականութեան ինստիտուտի առաջատար գիտաշխատող, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր Սուսաննա Յովհաննիսեան անոնց պատմեց երկու հայ մեծ դէմքերու՝ Յովհաննէս Թումանեանի եւ Լեւոն Շանթի մասին, որոնց ծննդեան 150-ամեակն է:
Ան անդրադարձաւ Թումանեանի մարդկային կերպարին, գրականութեան, հանրային գործունէութեան եւ որբախնամի աշխատանքին: Խօսեցաւ Թումանեանի ստեղծած Վերնատան մասին, ուր ամրացած էր Թումանեան-Շանթ ընկերութիւնը: Դասախօսը վեր առաւ Լեւոն Շանթի պետական մտածողութեան կարեւորութիւնը:
«Համազգային»ի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեան ներկայացուց Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան ծնունդը, նպատակներն ու գործունէութիւնը: Անդրադարձաւ Լեւոն Շանթի կեանքի կարեւոր գիծերուն:
Գրասենեակի աշխատակից Մարի Մերտխանեան նշեց հայ դպրոցի կարեւորութիւնը՝ Լեւոն Շանթի գաղափարներուն մէջ, պատմեց Պէյրութի մէջ Ճեմարան ստեղծելու աշխատանքները, որոնց շղթայական շրունակութիւնն են այսօր Մարսէյի եւ Սիտնիի մէջ գործող ճեմարանները:
Բանախօսութեան յաջորդած զրոյցի ընթացքին ուշագրաւ էր աշակերտներու հետաքրքրութիւնը Թումանեանի եւ Շանթի նկատմամբ:
Այցելութեան աւարտին աշակերտները նուէր ստացան «Համազգային»ի վերջերս վերահրատարակած «Յովհաննէս Թումանեան. Մարդը եւ Բանաստեղծը» գիրքը:
