
Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ․ Տ. Մասիս Սրբ․ Եպս. Զօպուեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» Մասնաճիւղի Երաժշտական Յանձնախումբին, Հինգշաբթի, 23, Շաբաթ, 25 եւ Կիրակի, 26 Յուլիս 2020-ին, տեղի ունեցաւ «Աշուղական Երեկոյ»ն, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ բժշկ. Ռաֆֆի Ապէճեանի:
Հալէպահայ հանդիսատեսը ծարաւ էր այսպիսի համերգի մը՝ պասկաձեւ ժահրի համաճարակին ստեղծած պայմաններուն լոյսին տակ երկար ատենէ ի վեր զրկուած ըլլալով հանրային մշակութային ձեռնարկէ: Հայերէն բացման խօսքով Ժէնի Նաճարեան ըսաւ․ «Այս տարի Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» Մասնաճիւղը կը յիշատակէ իր հիմնադրութեան 90-ամեակը: Ամբողջ 90 տարի անդուլ աշխատող, հայ մշակոյթի պահպանումը իր գործունէութեան հիմնական առանցքը նկատող «Նիկոլ Աղբալեան» Մասնաճիւղը դէպի 100-ամեակ իր երթին մէջ կը մնայ յանձնառու, եւ պատասխանատու աշխատանքով կը շարունակէ իր առաքելութիւնը»:
Արաբերէն բացման խօսքով Սէրլի Ապաճեան ըսաւ․ «Այսօրուան համերգը անգամ մը եւս կը հաստատէ այն իրողութիւնը, որ մենք՝ երիտասարդներս, կը շարունակենք հետեւիլ մեր նախնիներուն բացած ճամբուն եւ պահպանել այն հսկայ ժառանգութիւնը, որ դրուած է մեր ուսերուն»:
Համերգին կը մասնակցէին 17 նուագողներ, 5 երգիչներ՝ Լիւսի Յովհաննէսեան, Մարինէ Մարգարեան, Կասիա Պաղտիկեան, Խաչիկ Աշճեան, բժշկ. Պերճ Գասապեան, ինչպէս նաեւ Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» Մասնաճիւղի «Սարդարապատ» պարախումբը, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Վրէժ Թերզեանի:
Համերգը կ’ընդգրկէր Սայաթ Նովայի, Աշուղ Ջիւանիի եւ Գուսան Շերամի գլուխ գործոցները, ինչպէս՝ «Թամամ Աշխարհ», «Ձէնդ Քաղցր Ունիս», «Ախ Իմ Հայրենիքիս Ջուրը», «Նա Մի Նազ Ունի» եւ «Շորորա»:
Մանրամասնութիւնները կարդալ այստեղ: