
Շաբաթ, 3 Նոյեմբեր 2012-ին, Theatre Beaubois թատերասրահէն ներս տեղի ունեցաւ «Ապուշներու Ընթրիքը» կատակերգութեան ներկայացումը Մոնթրէալի Համազգային «Սանահին» մասնաճիւղի «Պետրոս Ադամեան» թատերախումբին կողմէ։ Ֆրանսիս Վեպէրի հանրածանօթ այս կատակերգութիւնը ներկայացուեցաւ Վիգէն Թիւֆէնքճեանի թարգմանութեամբ, մշակումով եւ բեմադրութեամբ։
Նախքան ներկայացումին մասին գրելը, կ'ուզեմ մեծապէս գնահատել աշխատանքը մոնթրէալահայ գաղութի թատերասէր անդամներուն, մանաւանդ՝ երիտասարդներուն, որոնք համախմբուած Համազգայինի շուրջ, կը ցուցաբերեն իրենց սէրն ու նուիրումը հայ թատրոնի հանդէպ, որպէս դերասան կամ վարագոյրին ետեւ կանգնող օգնականներ։
Այս ներկայացումին դերասանները, որոնցմէ ոմանք արդէն վարժ են բեմին, աւելի քան երկու ժամ աշխոյժ եւ անսպառ կերպով զուարճացուցին հոծ թիւով ներկայ հանդիսատեսները։
Հեղինակ Ֆրանսիս Վէպէր, որ ֆրանսացի ամէնէն յաջող այժմէական թատերագիրներէն մէկը կը համարուի, «Ապուշներու ընթրիքը» նաեւ վերամշակած է իբրեւ շարժապատկեր։ Շատերու ծանօթ Le Dîner de cons ֆիլմը 1999-ին արժանացած է Ֆրանսայի հեղինակաւոր «César» մրցանակին։
Կատակերգութիւնը կը ներկայացնէ, թէ ի´նչպէս Փիէռ Լապրէշ եւ իր գործարար (businessman) բարեկամները, բաւարար գոհունակութիւն չգտնելով իրենց անձնական կեանքերէն ներս, ամէն շաբաթ ընթրիք մը կը կազմակերպեն, ուր իւրաքանչիւրը կը հրաւիրէ իր ընտրած «ապուշ»-ը որպէս ծիծաղի առարկայ։
Խումբէն այն անձը, որ կը յաջողի ամէնէն «ապուշ» հրաւիրեալը գտնել ու ընթրիքին բերել, յաղթական կը սեպուի բոլորին կողմէ։ Եւ այսպէս, երեկոյ մը, երբ Փիէռ կը պատրաստուէր այդ ընթրիքին երթալու, իր ընտրած ազնիւ, սակայն միամիտ «հերոս»-ը անակնկալ կերպով կը խախտէ այդ երեկոյի ընթացքը, եւ կամաց-կամաց, որոշ իրականութիւններ, դաւադրութիւններ եւ դաւաճանութիւններ կը յայտնաբերուին, այս բոլորը՝ բացառիկ հետաքրքրական եւ ծիծաղելի կերպով։
Լեւոն Գաբրիէլեան (Ֆրանսուա Տէգարի) անվրէպ կերպով սիրտը կը հանդիսանայ այս կատակերգութեան։ Չափազանցութիւն չէ ըսել թէ ան լիովին կը մարմնաւորէ Ֆրանսուայի բարեացակամ բայց պարզամիտ «ապուշ»-ի դերը։ Ամէն մէկ շարժում, խօսք եւ արտայայտութիւն Գաբրիէլեան կը կատարէ ամբողջ էութեամբ։
Հանդիսատեսին համար, թերեւս «ապուշ»-ի դերը կատարելը դիւրին կը թուի, սակայն բացառիկ յաջող կերպով այս մեկնաբանութիւնը եւ խաղարկութիւնը կը պահանջեն խիստ կարգաւորում, ըմբռնում եւ անշուշտ տաղանդ, որ Գաբրիէլեան կատարեց այնքան յաջողութեամբ եւ հարազատօրէն։
Իր յաջող խաղարկութեամբ բեմին նաեւ տիրապետեց Ռազմիկ Թաթուլեանը (Փիէռ Լապրէշ)։ Ամբողջ ներկայացումին տեւողութեան ան իշխող եւ անխոնջ ներկայութիւն մըն էր։ Թաթուլեան իր ինքնավստահ, անկաշկանդ խաղարկութեամբ եւ մաքուր առոգանութեամբ արժանացաւ բոլորին գնահատանքին։
Գնահատելի էին նաեւ Զեփիւռ Պոյաճեանի (Գրիստին Լապրէշ), Մեսրոպ Պերեճիքեանի (Բժ. Արշամպօ), Ժոէլ Տէր Նիկողոսեանի (Մարլէն Գուզինօ), Սարօ Տէր Պետրոսեանի (Ժիւստ Լըպլան), եւ Կարի Զաքարեանի (Լուի Կուէն) լրացուցիչ դերակատարութիւնները։
Թիւֆէնքճեան, որ 1971-էն ի վեր սատարած է խումբի վերելքին որպէս դերասան եւ բեմադրիչ, իր մշակումով եւ բեմադրութեամբ յաջողած է եռանդուն թափ մը պահել կատակերգութեան ամբողջ տեւողութեան, ուր շարժումն ու հնարքները իրար կը յաջորդեն, միշտ մատչելի մնալով հանդիսատեսին համար։
Հետաքրքրական է մանաւանդ, թէ ի´նչպէս բեմին եւ հանդիսատեսին միջեւ հեռաւորութիւնը նուազեցնելու համար, Թիւֆէնքճեան պատմութիւնը տեղափոխած է Փարիզէն Մոնթրէալ, ներմուծելով քէպէքեան անուններ եւ գանատական տեղեկութիւններ (ինչպէս Toronto Maple Leafs եւ Habs-ի հակամարտութիւնները)։ Անկասկած, որ այս կատակերգութեան ներկայացումը արդիւնքն է նուիրուած անձերու զոհաբերութեան եւ ամիսներու, օրերու, եւ ժամերու վրայ երկարող աշխատանքին։
Անհամբեր կը սպասենք յաջորդ վարագոյրի բացման։
Լալէ Մանճիկեան-Եափուճեան,
Մոնրէալ-Քէպէք, Նոյեմբեր 2012