
Ընդհանրապէս, երբ կը խօսուի Մայիս 28-ի պատմաստեղծ իրադարձութեան եւ անոր յաջորդած դէպքերուն մասին, մամուլին մէջ կամ հրապարակային ելոյթներուն ընթացքին, շեշտը կը դրուի այդ դէպքերու զինուորական եւ քաղաքական կարեւորութեան վրայ, մինչդեռ կրթութիւնը եւ մշակոյթը նոյնքան կարեւոր բնագաւառներ են, եւ անոնց գծով Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ժամանակ մշակուած հայեցակարգերը կրնան այսօր ալ ուղեցոյց հանդիսանալ հայրենիքի կրթական ու մշակութային քաղաքականութիւններուն համար: Այս ընդհանուր բնութագրումը կատարելով` կազմակերպութեամբ Համազգայինի Գիր եւ գրականութիւն մասնագիտացած մասնաճիւղի վարչութեան, Կիրակի, 30 Մայիս 2021-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, վարչութեան անունով Ժագ Յակոբեան բացումը կատարեց «Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւն. կրթութիւն եւ մշակոյթ» խորագիրով առցանց լսարանին, օրուան զեկուցաբերն էր «Ազդակ» օրաթերթի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան: Յակոբեան նշեց, թէ վարչութիւնը յարմար նկատեց, որ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրութեան տարեդարձին նուիրուած նախաձեռնութիւններուն շարքին անպայման անդրադարձ կատարուի հանրապետութեան շուրջ երկուքուկէս տարուան պատմութեան ընթացքին կատարուած մշակութային, կրթական եւ գրական իրագործումներուն: Ընթերցելէ ետք օրուան զեկուցաբերին հակիրճ կենսագրականը,ան հրաւիրուեցաւ ներկայացնելու իր զեկուցումը: