ԱՄՆ եւ Գանատա
Շրջանային Վարչութիւններ

Կիրակի, 22 Սեպտեմբեր 2014-ին, ժամը 2-ին, Համազգայինի «Դանիէլ Վարուժան» մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ երկու ժապաւէններ ցուցադրուեցան Ֆրեզնոյի «Ասպարէզ» կեդրոնին մէջ:
Վարչութիւնը Լոս Անճելըսէն հրաւիրած էր ժապաւէններու հեղինակ Շիրակ Խոջայեանը: Վարչութեան ատենապետուի Սրբուհի Մսրլեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ հրաւիրեց բոլորը ներկայ ըլլալու նոր տարեշրջանի համազգայինի յառաջիկայ ձեռնարկներուն: Ապա բեմ հրաւիրեց Շիրակ Խոջայեանը, որպէսզի ներկայացնէ առաջին ժապաւէնը, որ կը կոչուի «Արագիլ»: