
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Արեգ» թատերախումբին,Կիրակի, 12 Դեկտեմբեր 2010-ին, յետմիջօրէի ժամը 3:00-ին եւ 5:00-ին, «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցան «Արայիկին արկածները» ամանորեան երաժշտախառն թատերախաղին երկու ներկայացումները՝ ներկայութեամբ հարիւրաւոր մանուկներու եւ պատանիներու։
Թատերախաղին հեղինակը, գեղարուեստական ղեկավարն ու բեմադրիչն է Ռոպերթ Առաքելեան։ Թատերախումբը շուրջ մէկ ժամուան ընթացքին գեղեցիկ խաղարկումով ներկաներուն փոխանցեց դաստիարակիչ պատգամներ ու հաճելի մթնոլորտ։
Արայիկը շարունակ իր շնիկին հետ կþուզէր խաղալով իր ժամանակը անցընել՝ դասերը սորվելու փոխարէն։ Երբ մայրը կը դժգոհի՝ Արայիկ փախուստ տալով տունէն կþերթայ անտառ, ուր կը հանդիպի անասուններու՝ բուին, կատուին, նապաստակին, սկիւռին, կուղբին, գայլին, այծին եւ ագռաւին։ Կարգ մը անասուններ կþուզեն զինք սպաննել, բայց ինք իրեն ուղղուած հարցումներուն պատասխանները կը գիտնայ ու ազատ կþարձակուի, մինչ ուրիշ անասուններու հետ կþընկերանայ։ Հոն Արայիկ կը գիտնայ ուսման կարեւորութիւնը։
Մինչ այդ, Արայիկ անտառ մեկնելէն առաջ Կաղանդ պապային գրած էր նամակ մը, որուն մէջ խնդրած էր վնասակար նուէրներ, որոնցմով ան մարդոց վնաս կրնար հասցնել։ Երբ Կաղանդ պապան իր գոյները ներկայացնող բարեկամներուն հետ կու գայ ու նուէրները կը բերէ, Արայիկին կը յանձնէ դաստիարակիչ ու օգտակար նուէրներ, որոնցմով ինք կրնայ իր գիտութիւնը զարգացնել եւ մարդոց օգտակար հանդիսանալ։ Թատերախումբին մաս կազմող քսան դերասաններուն խաղարկութիւնը, թատերախաղին բովանդակութիւնը, երգերն ու երաժշտութիւնը եւ բեմի յարդարումը միասնաբար ստեղծած էին մանկական թատրոնի առողջ ու քաջալերական մթնոլորտ։
Բեմադրիչ Ռոպերթ Առաքելեան թատերական ներկայացման ընթացքին բաժնուած թերթիկներուն մէջ ըսած է, որ «Արեգ» թատերական դպրոցի աշակերտները՝ աւարտելով (2008-2010) սահմանուած ուսումնական ծրագիրը եւ անցնելով «Արեգ» թատերախումբ, կը ներկայացնեն իրենց անդրանիկ աշխատանքը, որուն բեմայարդարման, երգերու, երաժշտական ձեւաւորման, հագուստներու եւ իրեղէններու յղացման հեղինակները իրենք են։
Ան նաեւ նշած է, որ «Արեգ»ը այն դպրոցն է, ուր կը կերտուի հաւաքական աշխատանքի ոգին, դժուարութիւնները դիմագրաւելու տոկունութիւնը, միասնաբար նոյն նպատակը իրագործելու կամքը։ Նոյն այդ ոգիով, տոկունութեամբ եւ կամքով «Արեգ» դպրոցի շրջանաւարտները այսօր կ՚անցնին «Արեգ» թատերախումբ, իսկ վաղը՝ «աւելի ու աւելի վեր...»։