
Համազգայինի «Արեգ» թատերական դպրոցի երկամեայ-եռամեայ կրթական ծրագիրը աւարտող աշակերտներու ամավերջի հանդէսը եւ վկայականաց բաշխումը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 6 Յունիս 2015-ին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ: Ծնողներուն կողքին հանդիսութեան ներկայ էր Համազգայինի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Սեպուհ Այնթապլեան:
Բարի գալուստի խօսքը փոխանցեց եւ թատերական դպրոցին աշխատանքը բարձրօրէն գնահատեց Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէն Կարպիս Գապասագալեան: Ան դիտել տուաւ, որ բաւական ժրաջան ու մեծ աշխատանք եւ հետեւողականութիւն կ՛ենթադրէ մէկ տարուան մէջ երկու անջատ թատերական ներկայացումներով հանրութեան դիմաց հանդէս գալն ու արուեստասէրներուն գնահատանքին արժանանալը: Բան մը, որ արժանաւորապէս կատարեց բեմադրիչ, Համազգայինի «Արեգ»» թատերական դպրոցի գեղարուեստական պատասխանատու Ռոպերթ Առաքելեան, որուն յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Կ. Գապասագալեան:
Իր խօսքը եզրափակելով ան յոյս յայտնեց, որ Համազգայինի կառոյցին մէջ գեղարուեստի դպրոցներուն աշակերտները կը լիցքաւորուին հայկական շունչով ու արժէքներով: