
«Արձագանգ».- Ուրբաթ 27 Նոյեմբեր 2015-ին, կիպրահայութեան խանդավառ մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ Համազգայինի Կիպրոսի «Օշական» մասնաճիւղի կազմակերպած՝ Արեւմտահայաստանի եւ Կիլիկիոյ լուսանկարներու ցուցահանդէսին բացումը, ներկայութեամբ Կաթողիկոսական փոխանորդ Նարեկ Արքեպիսկոպոսի, ձեռնարկի հովանաւոր՝ պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանի, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Փոխ-Վարչապետ Արթուր Աղաբեկեանի, եւ Պուլկարիոյ վսեմաշուք դեսպան Հրիստօ Գէորգիեւի:
Վարչութեան ատենապետ Արթօ Դաւիթեանի եւ լուսանկարներուն հեղինակ Դալար Գույումճեան-Թորոսեանի խօսքերէն ետք, ցուցահանդէսին բացումը կատարեց նիկոսիոյ քաղաքապետ Կոսդանտինոս Եորկաճիս, որ իր խօսքին մէջ դրուատեց կիպրահայ գաղութի աշխոյժ մասնակցութիւնը երկրի ու յատկապէս Նիկոսիոյ մշակութային կեանքին:
Ցուցահանդէսը կը բաղկանայ Դալար Գույումճեան-Թորոսեանի 109 գեղատիպ լուսանկարներէն, որոնք արուեստի բարձր մակարդակով կը ներկայացնեն գրաւեալ հայրենիքի բնակավայրերն ու վանքերը, հնութիւններն ու ներկայ վիճակը: